Tuesday May 21, 2013

Քըրթպաուի. «Ռումիէի Մէջ Դատարանի Կառուցումը Մօտիկ Ապագային Կ՛Աւարտի»

By adminx - Tue Jun 26, 7:44 am

Շաքիպ Քըրթպաուի

Արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ ընդհանուր դատախազ նշանակել` աւելցնելով, որ այդ պաշտօնին համար ատակ թեկնածուներու անուններ արդէն իսկ շրջանառութեան մէջ են:

Անդրադառնալով դատական իշխանութիւններուն գործելաոճին եւ դատաւորներուն պարկեշտութեան` Քըրթպաուի յայտնեց, որ իրենց անպարկեշտութեան պատճառով չորս դատաւորներ արդէն իսկ դադրած են իրենց աշխատանքէն:

Ռումիէի բանտին մէջ կառուցուող դատարանին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Քըրթպաուի շեշտեց, որ այդ դատարանին կառուցումը մօտիկ ապագային պիտի աւարտի:

Միւս կողմէ, Քըրթպաուի երէկ մեկնեցաւ Յորդանան, ուր պիտի մասնակցի արաբական երկիրներու արդարութեան նախարարներուն համար տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին, որ կը վերաբերի պարկեշտութեան ամրապնդման եւ փտածութեան դէմ պայքարին:

Կը նախատեսուի, որ այս կազմակերպութեան նախագահութեան 2013-ի նստաշրջանը յանձնուի Լիբանանին:

Լիբանանի մէջ ընտրական օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Քըրթպաուի յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած օրէնքին եւ երբեք չեն քաջալերեր 1960-ի ընտրական օրէնքը:

 

 

Leave a Reply

Advertisement