Wednesday Jun 19, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Tue Jun 26, 7:41 am

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Մոհամետ Մուրսիի` ընդգծելով արաբական հարցերուն, յատկապէս պաղեստինեան հարցին լուծման մէջ Եգիպտոսի դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ հրշէջները երէկ կատարեցին նստացոյց մը, որուն ընթացքին անոնք լիբանանեան պետութեան ներկայացուցին իրենց պահանջները: Հրշէջները իրենց յատուկ ինքնաշարժներով փակեցին Քարանթինայի ճամբան, եւ անոնցմէ պատուիրակութիւն մը ուղղուեցաւ Կեդրոնական Պէյրութ` փորձել հանդիպում մը ունենալու համար նահանգապետ Նասիֆ Քալուշի հետ:

ՄԱՇԹԱ Հասան եւ Մաշթա Համմուտ գիւղերուն բնակիչները փակեցին Աքքարի ճամբան` իբրեւ բողոք ելեկտրական հոսանքի անջատման դէմ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի Մաժտալիունի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ: Հանդիպումէն ետք Փլամպլի հաստատեց Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող Ազգային երկխօսութեան նիստին անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կայունութեան կարեւորութիւնը:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ Լիբանան էր եւ կը մնայ ապահով երկիր մը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ ըսաւ, որ հակառակ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատի նկատմամբ իր յարգանքին, ինք համոզուած է, որ առանց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի անձամբ ներկայութեան, Ազգային երկխօսութեան նիստը անիմաստ է:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Ժետտայի իր բնակարանին մէջ ընդունեց սպաննուած շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի եւ Մոհամետ Հիւսէյն Մերհեպի ընտանիքներէն պատուիրակութիւն մը, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց Ապտել Ուահետի սպանութեան առիթով եւ մաղթեց, որ արդարութիւնը հաստատուի եւ յանցագործները ենթարկուին դատավարութեան` պատիժը ստանալով իրենց գործած ոճիրին:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ երկրին ապահովական կառոյցներուն համար արգիլեալ շրջան գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ յառաջիկայ օրերը պիտի փաստեն իր կատարած այս յայտարարութեան ճշմարտացիութիւնը: Ան նշեց, որ վաղուընէ սկսեալ ամբողջ Լիբանանի տարածքին պիտի գործադրուի ապահովական ամսուան ծրագիր մը, որուն շրջագիծին մէջ բոլոր շրջանները ապահովական խիստ հսկողութեան պիտի ենթարկուին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի մէջ քաղաքականութիւն արտադրել, որպէսզի կարելի ըլլայ յաղթահարել համայնքային դրութիւնը եւ փտածութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ զէնքը պէտք է ըլլայ լիբանանեան բանակին ձեռքը, որպէսզի լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը հաւասար կերպով մասնակցին Ազգային երկխօսութեան նիստին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ ընդգծեց, որ կարելի չէ Լիբանանի կացութիւնը պահել ինչպէս որ է, յատկապէս ելեկտրական հոսանք հայթայթելու առումով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ իրենք նախանձախնդիր են ազգային երկխօսութեան` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրնայ միւսը տապալել զէնքի ուժով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Դիմադրութեան զէնքը ազգային անհրաժեշտութիւն մըն է: Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը հարաւային Լիբանանի նկատմամբ հոգատարութիւն պէտք է ցուցաբերէ:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ժամիլ Հայեք կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին համար քաղաքական հովանաւորութիւն ապահովելու եւ անվարան զօրակցելու բանակին ու անոր դերակատարութեան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Պեզզի կոչ ուղղեց երկրին մէջ Ազգային երկխօսութեան նիստին շնորհիւ տիրող դրական մթնոլորտը օգտագործելու:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն հաստատեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի Զահլէ կատարած այցելութիւնը ազգային բնոյթ ունի եւ ոչ թէ ընտրական: Լայեուն աւելցուց, որ զօր. Աունի հետ Զահլէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին արձանագրուած քաղաքական անձնաւորութիւններու բացակայութիւնը բացակայող անձնաւորութիւններուն հարցն է եւ ոչ թէ զօր. Աունի:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող ակներեւ անձնաւորութիւն մը յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի տակաւին շուարած է` յառաջիկայ Ռամատանին Լիբանան այցելելու առումով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ ելեկտրական հոսանքի տագնապին լուծումը կարելի չէ ապահովել երկրին ճամբաները փակելով:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Դիմադրութեան զէնքը պիտի օգտագործուի կանխարգիլելու համար Լիբանանի բաժանումը, Լիբանանի մէջ հաւանական համայնքային եւ յարանուանական սադրանքները, ինչպէս նաեւ արգիլելու համար Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցման ծրագիրը:

ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ վտանգաւոր եւ զգայուն իրավիճակը կ՛ենթադրէ բարելաւել քաղաքական բառամթերքը եւ անկէ զանց առնել գրգռութիւն յառաջացնող կամ կիրքեր հրահրող բոլոր եզրերը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Մոհամետ Մուրսիի:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումի այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Ան շեշտեց Լիբանանի մէջ քաղաքական չափաւորական բառամթերքով հանդէս գալու անհրաժեշտութիւնը: Մախզումի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրի հետ:

 

Leave a Reply

Advertisement