Tuesday May 21, 2013

Ազրպէյճանի Մէջ Իրանի Դեսպանը Պաքու Վերադարձած Է

By adminx - Tue Jun 26, 7:34 am

Մոհամետ Պակիր Պահրամի

Ազրպէյճանական 1news.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Պակիր Պահրամի Պաքու վերադառնալով անցած է իր պարտականութիւններու կատարման: Դեսպանը Ազրպէյճան վերադարձած է շաբաթ օր եւ անմիջապէս սկսած իր աշխատանքին:

Իրանի դեսպանատան ղեկավարը Իրան կանչուած էր 21 մայիսին` խորհրդակցութեան նպատակով: Դեսպանի տուն կանչուելուն պատճառը այն էր, որ Պաքուի մէջ Իրանի դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյցի ժամանակ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի հասցէին վիրաւորական բացագանչութիւններ հնչած էին:

Նշենք, որ Ազրպէյճան իր կարգին «խորհրդակցութիւններու համար» տուն կանչած է Իրանի մէջ իր դեսպանը:

Leave a Reply

Advertisement