Saturday May 18, 2013

Սուրիոյ Մէջ Հայ Զոհ Մը Եւս. Օթան Այսօր Սուրիոյ Կողմէ Թրքական Օդանաւին Վար Առնուելուն Հարցը Կը Քննարկէ

By adminx - Tue Jun 26, 7:32 am

Ժիհատ Մաքտիսի

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի երէկ յայտնեց, որ թրքական օդանաւին հարցով տեղի ունեցած միջադէպը սուրիական գերիշխանութեան բացայայտ բռնաբարում մըն է` վստահեցնելով, որ Սուրիա այս հարցին նկատմամբ ինքնապաշտպանութեան ձեւով շարժեցաւ:

Մաքտիսի շեշտեց, որ Սուրիա կառչած կը մնայ Թուրքիոյ հետ բարի դրացնութեան յարաբերութեանց եւ անոր նկատմամբ թշնամական մտադրութիւններ չունի, իսկ տեղի ունեցածը արկած էր եւ ոչ թէ յարձակում:

Ան հերքեց, որ թրքական օդանաւը հրթիռով վար առնուած է, այլ ինչպէս օդանաւին վրայի ծակերը ցոյց կու տան` հակաօդային հրետանիով: Բանբերը նշելէ ետք, թէ Սուրիոյ դէմ «սատանայական» արշաւ մը գոյութիւն ունի, վստահեցուց, որ սուրիական իշխանութիւնները ամբողջական կերպով կը գործակցին թրքական կողմին հետ` նշելով, որ Սուրիա թրքական կողմին ներկայացուցած է զինուորական միացեալ յանձնախումբ մը ստեղծելու առաջարկ մը, որ մինչեւ հիմա անպատասխան մնացած է:

Մաքտիսի յայտնեց, որ թուրք-սուրիական յարաբերութիւններուն վնաս պատճառողը Սուրիան չէր` նշելով, որ Սուրիա նոյն վերաբերմունքը ցուցաբերելու սկզբունքը կիրարկած է: Ան այն համոզումը յայտնեց, որ թրքական կառավարութեան յայտարարութեանց նպատակը Սուրիոյ նկատմամբ եւ ինքնին Թուրքիոյ շահերուն չծառայող կեցուածքներուն թուրք ժողովուրդի զօրակցութիւնը ապահովելն է:

Իրանի խորհրդարանի ազգային ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնախումբի բանբեր Հիւսէյն Նաքուի Հիւսէյնի իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «սուրիական օդային տարածքի բռնաբարման հարցը թուրքերուն կողմէ ՕԹԱՆ-ի` Սուրիա մուտք գործելու մղելու նպատակով դաւ մըն է»:

Ան նշեց, որ «թրքական օդանաւին կողմէ սուրիական օդային տարածքի բռնաբարումը բազմաթիւ հարցականներ կը ստեղծէ եւ անշուշտ որեւէ երկիր, որ յարձակումի կ՛ենթարկուի, ինքզինք կը պաշտպանէ»` աւելցնելով, որ «Թուրքիա հաստատեց, որ իր օդանաւը սուրիական օդային տարածքը բռնաբարեց, եւ անոր դէմ դնելը բնական էր»:

Հիւսէյնի նշեց, որ այս հարցը ընդհանուր առմամբ դաւ մը կը թուի, «որովհետեւ կը փորձէ այս միջոցով մթնոլորտ ստեղծել եւ ՕԹԱՆ-ը մղել Սուրիոյ մէջ միջամտելու»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սելճուք Էօնալ յայտնեց, որ Թուրքիա իր վար առնուած օդանաւին գտնուած վայրը գիտէ, սակայն տակաւին չէ գտած` աւելցնելով, որ «գիտենք, թէ սուրիական ջուրերու ո՛ր շրջանին մէջ ինկաւ մեր օդանաւը, սակայն չկրցանք զայն գտնել»:

Էօնալ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ իր երկիրը դաշինքի 4-րդ յօդուածին հիմամբ ՕԹԱՆ-ի ժողով պահանջած է:

Նշենք, որ դաշինքի 4-րդ յօդուածը անդամ որեւէ երկրի իրաւունք կու տայ խորհրդակցութեան նիստի հրաւիրելու: ՕԹԱՆ-ի անդամ 28 երկիրները այսօր Պրիւքսելի մէջ ժողով մը պիտի գումարեն` ծանօթանալու համար դէպքին մանրամասնութիւններուն շուրջ Թուրքիոյ զեկուցումին:

Էօնալ յայտնեց, որ Թուրքիա Սուրիոյ պաշտօնապէս փոխանցած է, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան կողմէ իր օդանաւին վար առնուիլը «թշնամական արարք» մը կը նկատէ:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գրասենակէն պաշտօնատար մը իր կարգին «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Թուրքիոյ վարչապետը թրքական ընդդիմադիր կուսակցութեանց ղեկավարներուն հետ հանդիպում ունեցած է` զանոնք «թրքական գերիշխանութեան դէմ յարձակումին» մթնոլորտին մէջ դնելու համար: Աղբիւրը նշեց, որ «երբ ազգային ապահովութիւնը սպառնալիքի կ՛ենթարկուի, ընդդիմութիւն եւ իշխանութիւն հասկացողութիւնները կը վերցուին»:

Էրտողանի գրասենեակի պաշտօնատարը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Թուրքիոյ վարչապետը վաղը թրքական խորհրդարանին առջեւ Սուրիոյ կողմէ թրքական կործանիչին վար առնուելուն հարցին շուրջ «շատ կարեւոր» խօսք մը պիտի արտասանէ:

Սուրիական աղբիւրներ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնած են, որ Անգարա կիրակի օր Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ուղարկած է «դիւանագիտական բողոքագիր» մը, որուն մէջ Դամասկոսը կ՛ամբաստանէ թրքական օդանաւը միջազգային օդային տարածքի մէջ վար առնելու համար, սակայն Դամասկոս քանի մը ժամ ետք փաստաթուղթերով պատասխանած է, որ օդանաւը սուրիական օդային տարածքը բռնաբարած է եւ սուրիական ծովափէն մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան ու 100 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուած ատեն վար առնուած է:

Աղբիւրները բացատրեցին, որ «օդանաւը ուրբաթ առաւօտեան երեւցաւ սուրիական ռատարին վրայ եւ անյայտացաւ, ապա յանկարծ սուրիական ծովափին մօտ ցած բարձրութեան վրայ երեւցաւ»:

Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնեցին, որ սուրիական ապահովական ուժերը նաեւ կրակ բացած են թրքական փրկարար մէկ այլ պատերազմական օդանաւի վրայ, որ սուրիական օդային տարածք մուտք գործած էր վար առնուած թրքական «Էֆ-4»-ը եւ անոր երկու օդաչուները յայտնաբերելու համար: Օդանաւը անմիջապէս հեռացած է սուրիական օդային տարածքէն:

Ըստ «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ին, սուրիական կողմը Անգարայի առաջարկած է օդանաւի փրկութեան միացեալ գործողութիւններու ձեռնարկել, սակայն որոշ պայմաններ ճշդած է, անոնցմէ մէկը այն էր, որ Սուրիա ուզած է օդանաւը գրաւել եւ օդաչուները առնել անհրաժեշտ ձեւականութիւնները կատարելու համար, որովհետեւ անոնք սուրիական ջուրերու մէջ են: Թրքական կողմը բուռն կերպով մերժած է այդ պայմանը եւ սուրիական ուժերուն յայտնած, որ Թուրքիա ինք պիտի կատարէ փնտռտուքի աշխատանքը եւ իր օդաչուները Սուրիոյ ձեռքը պիտի չձգէ:

Թրքական «Հապերլեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակէն զօրավար մը եւ 199 անհատներ, ներառեալ` 38 զինուորներ Ալեքսանտրէթի մօտ հատած են թրքական սահմանը: Թուրքիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան վերջին տուեալներով` Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականներուն թիւը հասած է աւելի քան 33 հազարի: Ընդհանուր առմամբ, անցեալ տարուան ապրիլէն ի վեր Թուրքիա մուտք գործած են 55,690 սուրիացի, որոնցմէ 22,611-ը սեփական ցանկութեամբ վերադարձած է Սուրիա:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ մէջ զոհուած է սուրիական բանակին մէջ զինուորական ծառայութիւն կատարող, սուրիական Հասաքէ շրջանէն 1992-ի ծնունդ հայազգի Զալալ Մելքոնը: Ան զոհուած է Հոմսի մէջ: Այսպիսով, Սուրիոյ դէպքերուն ընթացքին արձանագրուած հայ զոհերուն թիւը կը բարձրանայ 5-ի: Բացի մարդկային կորուստներէն, մեծ վնաս կրած են նաեւ Հոմսի մէջ գտնուող հայկական դպրոցը եւ եկեղեցին, որոնք ընդդիմադիրներուն կողմէ գրաւուելէ եւ թալանուելէ ետք կը ծառայեն իբրեւ պանդոկ եւ հանգստավայր:

 

Leave a Reply

Advertisement