Եգիպտոսի Նորընտիր Նախագահի Յայտարարութիւնները Չեն Փարատեր Իսրայէլի Մտավախութիւնները
By adminx - Tue Jun 26, 7:30 am
- 0 Comments
- 35 views
- Tweet
Email
Print
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Մոհամետ Մուրսի իր արտասանած առաջին խօսքին մէջ խոստացած է դառնալ բոլոր եգիպտացիներուն ղեկավարը: Երկրին նոր ղեկավարը կոչ ուղղած է ամրապնդելու ազգային միասնականութիւնը, որովհետեւ «միայն այդ ձեւով կարելի է երկիրը դուրս բերել դժուար հանգրուանէն»` աւելցնելով, որ «յեղափոխութիւնը կը շարունակուի, որովհետեւ տակաւին անոր բոլոր նպատակները չեն իրագործուած»:
Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Մուրսի սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին նաեւ յայտնեց, որ ինք վրէժի եւ հաշուեյարդարի չի հաւատար, այլ` հաշտութեան եւ Եգիպտոսի մէջ ապահովութեան ամրապնդման ու կայունութեան հաստատման` խոստանալով Եգիպտոսը կառուցել բոլոր եգիպտացիներուն հետ, բոլոր եգիպտացիներուն համար:
Նշենք, որ Մուրսի ընտրուելէ ետք իր արտասանած առաջին խօսքին մէջ յայտարարած էր, որ Գահիրէ պիտի չհրաժարի նախապէս կնքուած միջազգային համաձայնագիրներէն: Սակայն անոր յայտարարութիւնը Իսրայէլի մտավախութիւնները չփարատեց: Իսրայէլացի պաշտօնատարները Եգիպտոսի նախագահական ընտրութեան արդիւնքին նկատմամբ ինքնազսպումի կոչ ուղղեցին:
Քնեսեթի անդամ Պենիամին Պեն Էլիազար իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Մուրսիի վարչակարգը կրնայ Իսրայէլի համար վատ ըլլալ, սակայն հակառակ ատոր, մեր միջեւ յարաբերութեանց վատթարացման պարագային մենք եւ իրենք շատ բան ունինք կորսնցնելիք, ուստի ներկայ հանգրուանին ժամանակը կարեւորագոյն ազդակն է»` աւելցնելով, որ «պէտք է համբերութեամբ սպասենք տեսնելու համար զարգացումները, ինչպէս նաեւ նոր վարչակարգին հետ կապերը բաց պահենք»:
Իսրայէլի Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Շիլի Եահիմովիչ յայտնեց, որ «հակառակ անոր որ եգիպտական նոր ղեկավարութեան հետ կապեր հաստատելուն պատճառով բարդութիւններ պիտի յառաջանան, սակայն Եգիպտոսի մէջ ժողովրդավարութեան նկատմամբ յոյս կայ եւ կը ցանկամ, որ ատիկա եգիպտացի ժողովուրդի տնտեսական եւ ընկերային, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւանց կացութեան բարելաւում մը ներառէ»:
Քնեսեթի անդամ, Քատիմա կուսակցութենէն Օթինիէլ Շինլըր իսրայէլեան ղեկավարութեան կոչ ուղղեց արթուն ըլլալու եւ Եգիպտոսի ընտրութիւններէն ետք որեւէ հակազդեցութեան մտավախութենէն մեկնելով չափազանց ինքնազսպում ցուցաբերելու` աւելցնելով, որ այդ մէկը կրնայ ազդել եգիպտական նոր վարչակարգին հետ մօտալուտ յարաբերութեանց, նոյնիսկ եթէ բոլորը արդիւնքէն գոհ չեն, «սակայն մենք ժողովրդավարներ ենք, կ՛ողջունենք ժողովրդավարական հոլովոյթը եւ կը յուսանք ապագային Եգիպտոսի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալ»:
- 0 Comments
- 35 views
- Tweet
Email
Print




