Saturday May 18, 2013

Ֆրանսա Դարձեալ Մուտք Պիտի Գործէ Թրքական Ուժանիւթի Ճարտարարուեստի Մարզ

By adminx - Tue Jun 26, 7:29 am

Թաներ Եըլտըզ

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտնած է, որ Ֆրանսայի հետ Թուրքիոյ դիւանագիտական յարաբերութեանց վերականգնումը կը նշանակէ, թէ ֆրանսական ընկերութիւնները կրնան եթէ ոչ ամբողջական, ապա գոնէ մասնակի կերպով մուտք գործել թրքական ուժանիւթի ճարտարարուեստի մարզ, ներառեալ` հիւլէական ուժի ճարտարարուեստի մարզ:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Անգարա յայտարարած էր, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին պատճառով յարաբերութեանց վեցամսեայ սառեցումէն ետք Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւնները կը վերականգնէ: Անգարա դեկտեմբեր 2011-ին Փարիզի հետ բոլոր տնտեսական, քաղաքական եւ զինուորական հանդիպումները ջնջեց, երբ Ֆրանսայի խորհրդարանը Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքը վաւերացուց:

Եըլտըզ յայտնեց, որ թրքական կառավարութիւնը Հոլլանտի իշխանութեան հասնելով երկկողմանի յարաբերութեանց բարելաւում մը կը նախատեսէ: Եըլտըզ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տնտեսական համախմբումի մը ընթացքին լրագրողներու յայտնած է, որ «կը հաւատամ, որ նորին վսեմութիւն Էրտողանի հետ (Հոլլանտի) հանդիպումէն ետք այս բեռը պիտի ջնջուի կամ վերցուի»:

«Իբրեւ ուժանիւթի մարզ մենք պատրաստ ենք Ֆրանսայի հետ տարատեսակ գործակցութեան, սակայն մեր ծրագիրներն ու գործառնութիւնները իսկապէս մեծ են եւ չենք կրնար զանոնք միջազգային քաղաքականութենէ անջատել», նշած է ան` աւելցնելով, որ «ուստի չենք կրնար անտեսել կարգ մը քաղաքական մօտեցումներ, որոնք մեր ճարտարարուեստին վրայ պիտի ազդեն: Կը հաւատամ, որ այսուհետեւ մեր հեռանկարները շատ աւելի լաւ պիտի ըլլան, քան ինչ որ էր Սարքոզիի ժամանակաշրջանին»:

 

Leave a Reply

Advertisement