Thursday May 23, 2013

Մամլոյ 71-րդ Լսարան. Վահէ Սահակեան Զեկուցեց Հայաստանի Հանրապետութեան Բարձրագոյն Ուսման Համակարգին Մասին

By adminx - Tue Jun 26, 7:20 am

Երէկ` երկուշաբթի, 25 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու շարքին 71-րդը` «Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ուսման համակարգը» նիւթով: Օրուան զեկուցաբերն էր Միշիկընի համալսարանի մերձաւորարեւելեան ուսմանց բաժանմունքէն Վահէ Սահակեան:

Մամլոյ լսարանին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ նշեց, որ «Ազդակ»-ի մամլոյ լսարաններու շարքին 71-րդը նուիրուած է մասնայատուկ նիւթի մը, որ առնչուած է կրթական-ուսումնական մարզին: Աւելի յստակօրէն, սոյն զեկուցումով լուսարձակները պիտի սփռուին Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ուսման համակարգին վրայ, պիտի ներկայացուին ներկայիս այդ համակարգին դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ ապագայ հեռանկարները:

Վահէ Սահակեան զեկուցեց Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն կրթական համակարգին մասին: Զեկուցաբերը նախ ներկայացուց Կրթութեան մասին օրէնքը, որմէ ետք ծանրացաւ Պոլոնիայի գործընթացին վրայ, որ հիմնականին մէջ Եւրոպայի տարածքին գործող միջհամալսարանական համակարգին կը վերաբերի: Ան ներկայացուց Պոլոնիայի գործընթացին սկզբնաւորումը, հռչակագիրին հիմնական սկզբունքներն ու հռչակագիրը ստորագրած երկիրներու ցանկը:

Զեկուցաբերին գիտական մակարդակի ուսումնասիրութիւնը կը կեդրոնանար այս կարեւոր գործընթացին նկատմամբ Հայաստանի կրթութեան համակարգի համարկումի ներկայ պատկերին վրայ` թէ՛ կառուցուածքային եւ թէ՛ բովանդակային առումներով: Զեկուցումին աւարտին, Վահէ Սահակեան ներկայացուց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հանրակրթութեան ներկայ կառոյցը, որմէ ետք պատասխանեց լսարանի հարցումներուն:

Leave a Reply

Advertisement