Wednesday May 22, 2013

Երեւանի Մէջ Բացում` «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի

By adminx - Tue Jun 26, 7:15 am

Երէկ տեղի ունեցաւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի հանդիսաւոր բացում: Դպրոցը հիմնած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը` Երեւանի պետական համալսարանի հէնքի վրայ:

Ներկաները ողջունեց եւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցին սկիզբը ազդարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: «Այսօր պատմական օր է: Պատմական, քանի որ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի նախագահի յանձնարարութեամբ կը սկսի դպրոց մը, որ իր նպատակներուն իրագործումով մեծագոյն աւանդ պիտի ունենայ հայապահպանութեան գործին մէջ», նշեց նախարար Յակոբեան:

Անդրադառնալով դպրոցի հինգ բաժիններուն` նախարարը առանձնացուց մայրենի լեզուի արագացուած ուսուցումը, որ «կարելիութիւն պիտի տայ մայր հայրենիքը դարձնելու մայրենի լեզուի ուսուցման կեդրոն, եւ մեր սփիւռքի երիտասարդները կարելիութիւն պիտի ունենան հայրենիքի մէջ մայրենին սորվիլ ե՛ւ արեւմտահայերէնով, ե՛ւ արեւելահայերէնով»:

Ներկաները ողջունեց նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան:

 

Leave a Reply

Advertisement