Տեսակէտ. Թուրքիա` Իրօ՞ք` Իսլամ Պետութիւն Մըն Է , Թէ՞ Գերազանցապէս` Թուրանական-Տարատնկեալ Մը
By adminx - Tue Jun 26, 5:44 am
- 0 Comments
- 58 views
- Tweet
Email
Print
ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Նախեւառաջ կը յիշեցնենք, թէ Իսրայէլ սիոնական-տարատնկեալ առասպելական պետութիւն մըն է, որուն սահմանները կ՛երկարին Նեղոսէն մինչեւ Եփրատ… Եւ ասիկա խոտորում մըն է հրէական կրօնի ուսմունքէն: Իսկ Թուրքիա թուրանական-տարատնկեալ պետութիւն մըն է… որուն առասպելական սահմանները կը տարածուին Եւրոպայի կեդրոնէն մինչեւ Չինաստանի սահմանները… եւ բնա՛ւ առնչութիւն չունի իսլամի կրօնին հետ… այլ անիկա թշնամին է արաբ ազգայնականութեան ինչպէս պարագան է սիոնականութեան եւ ամերիկեան կայսերապաշտութեան… Քանզի սիոնականութիւնն ու թուրանականութիւնը դէպի Արեւելք տարածուելու երկու ծաւալապաշտ ծրագրեր են` Արեւմուտքի կայսերապաշտութեան ձեռքին:
Միշտ իր դրացի երկիրներու սահմաններուն վրայ նախայարձակումներ գործող Թուրքիան (որպիսին է Իսրայէլը) յանկարծ սկսաւ փրկարար օգնութիւն խնդրել ՕԹԱՆ-էն: Բայց ինչո՞ւ համար: Արդեօք իրօ՞ք «խաղաղասէր» եւ «խեղճուկ» Թուրքիոյ սահմաններուն համար կայ արտաքին վտա՞նգ մը… թէ` իր թուրանականութեամբն ու նոր-օսմանականութեամբ, «հզօրացած» Թուրքիան ի՛նք է, որ կ՛ուզէ սպառնալ իր դրացի երկիրներուն սահմաններուն… օրինակ` Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի իսլամական երկիրներու սահմաններուն, թէ՞ տակաւին ան կը վախնայ Ռուսիոյ եւ Իրանի հակազդեցութիւններէն` իր հողերուն վրայ (Մալաթիոյ մէջ) ամերիկեան հրթիռային վահաններու զետեղումին իր տուած հաւանութեան համար:
Որովհետեւ Թուրքիա շատ լաւապէս գիտէ, որ այդ վահաններուն թիրախներն են Ռուսիան եւ Իրանը… այս երկուքը միաժամանակ կը հանդիսանան զոյգ թիրախները թուրանական վարդապետութեան` աւելի քան դարէ մը ի վեր: «Խային` խաֆլը օլուր», ինչպէս կ՛ըսեն թուրքերը… Եւ Էրտողան կայսերապաշտութեան վահաններու զետեղման իր տուած հաւանութիւնը կը փորձէ արդարացնել այն պատճառանութեամբ, թէ Թուրքիա ինքզինք պիտի պաշտպանէ` ՕԹԱՆ-ին ամպհովանիով, այն պարագային, երբ Իրան պիտի տիրանայ հիւլէական ռումբին: Բայց Տաւուտօղլու «Ի բերանէ իւրմէ» խոստովանած եղաւ բուն պատճառը, երբ միջոց մը առաջ յայտարարեց, թէ` «Թուրք եւ սուրիական յարաբերութեանց մէջ «ՕԹԱՆ»-ին մուտք գործելը, որպէս գործօն, կարեւոր զարգացում մըն է…»:
Ամերիկեան կայսերապաշտութիւնը, Իրաքէն քաշուելէն եւ Աֆղանիստանէն եւս քաշուելու կամքը յայտարարելով, արդեօ՞ք կը մերժէ զինեալ ուղղակի միջամտութիւն կատարել Սուրիոյ դէմ մղուող պատերազմին մ էջ, եւ ուրեմն, Թուրքիայէն կը պահանջէ զինուորապէս ուղղակի միջամտել առանձինն, առանց Իսրայէլի մասնակցութեան… եւ ամերիկեան այս անկշռադատ կեցուածքին դիմաց Թուրքիա պայման կը դնէ ՕԹԱՆ-ի ամպհովանին իր վրայ:
Թուրքիոյ թուրանական պետութիւնը, որ բռնազաւթած է Փոքր Ասիոյ բնիկ ժողովուրդներու` հայերու, քիւրտերու, ասորիներու, յոյներու եւ ուրիշներու հայրենի հողերը, եւ որ հետամուտ է նոր աշխարհակալական ծրագրի մը, անկասկած ինքն է, որ կը նախապատրաստուի սպառնալու իսլամական Սուրիոյ Իրաքի եւ Իրանի սահմաններուն:
Եւ այդ նպատակին համար է, որ Թուրքիա կայսերապաշտ Արեւմուտքէն կը պահանջէ լոկ քաղաքական ամպհովանիի ծածկոցը, եւ ոչ թէ` զինուորական փրկարար օգնութիւն մը… որովհետեւ` «թրքական» ծաւալապաշտ ծրագիրը, իրականութեան մէջ, արեւմտեան կայսերապաշտական ծրագիր մըն է, որ անցեալին ծառայեց կայսերական Գերմանիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ եւ նացիական Գերմանիոյ, իսկ այսօր կը ծառայէ, «Պաղ պատերազմ»-ի օրերէն ի վեր, ամերիկեան կայսերապաշտութեան, եւ միշտ` ընդդէմ ցարական Ռուսիոյ, Խորհրդային Միութեան եւ հիմա` Ռուսական դաշնութեան: Այդ ծրագրի հիմնական նպատակն է` անմիջական աշխարհագրական (ցամաքային) կապ մը ստեղծել, Ազրպէյճանի վրայով, Թուրքիոյ եւ Կեդրոնանկան Ասիոյ միջեւ… Արեւելեան Հայաստանի վերացումին ճամբով (Արեւմտեան Հայաստանի բռնազաւթումէն ետք), նաեւ` գրաւումովը արեւմտեան Իրանի, որ թուրանական բառապաշարին մէջ կը կոչուին «Հարաւային Ազրպէյճան»: Ասիկա` Ասիոյ մէջ: Իսկ Նոր Միջին Արեւելքին մէջ ամերիկեան կայսերապաշտութիւնը կ՛ուզէ գլուխը կանգնիլ Արաբական գարնան ալիքին` խափանելու համար ազգային ժողովրդավարական յեղափոխութեան ճամբան, զայն փոխարինելով Հակայեղափոխութեամբ մը, որ Արաբական երկիրներու իշխանութիւնը պիտի յանձնէ ՕԹԱՆ-ի վերահսկողութեան, «Իխուանականներուն», «Սալաֆականներուն», եւ «Ուիհապականներուն»… այս խաւարամիտ ու ամբողջատիրական շարժումներուն… օգտագործելով Թուրքիոյ կեղծ իսլամականութեան դիմակը, քողածածկելու համար Թուրքիոյ թուրանական ինքնութեան իրականութիւնը:
Իրականութեան մէջ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը Ամերիկայէն կը պահանջէ քաղաքական ծածկոյթ մը, քանի որ զինուորական փրկարար օգնութիւնը գրեթէ անկարելիութիւն մըն է: Յունաստանի, Պուլկարիոյ եւ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ ունեցած տարակարծութեանց համար ՕԹԱՆ-էն փրկարար օգնութիւն ակնկալելը անյուսալի է, որովհետեւ Յունաստան եւ Պուլկարիա ՕԹԱՆ-եան պետութիւններ են, իսկ Արեւելեան Հայաստանը պաշտպանուած է Ռուսիոյ կողմէ, որ նոյնինքն Ամերիկայի ճանաչումով, Կովկասի մէջ ունի մեծագոյն ազդեցութիւնը, եւ ան թոյլ պիտի չտայ որեւէ ՕԹԱՆ-եան զինուորական միջամտութիւն` ո՛չ Արեւելեան Հայաստանի, ո՛չ Վրաստանի եւ անգամ ո՛չ, Ազրպէյճանի մէջ: Իսկ Իսրայէլի պարագային, որ արեւմտեան կայսերապաշտութիւնը ձեռնասունն է եւ ռազմավարական դաշնակիցը թուրանական Թուրքիոյ, եւ եթէ օր մը այս երկուքը իրարու հակադրուին լրջօրէն, ոչ ձեւականօրէն, ապա այդ պարագային, ամերիկեան կայսերապաշտութիւնը պիտի մերժէ ընդառաջել ՕԹԱՆ-եան Թուրքիոյ պահանջին եւ պիտի կանգնի ոչ ՕԹԱՆ-եան Իսրայէլի կողքին:
Բայց կը մնայ հարցում մը, որ արդեօ՞ք ամերիկեան կայսերապաշտութեան համար, հաւանական է, որ ընդառաջէ Թուրքիոյ որեւէ մէկ զինուորական փրկարար օգնութեան պահանջին` Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի հետ անոր ունեցած տարակարծութեանց պատճառով: Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը սխալած պիտի ըլլայ կարծելով, թէ Իրան-Իրաք-Սուրիա ճակատը դուրս կը մնայ Ռուսիոյ ազդեցութեանց գօտիէն կամ անոր շահագրգռութեանց շրջանակէն Թուրքիա չի կրնար անտես առնել կամ նկատի չառնել վերջին շրջանի ռուսական զինուորական կեդրոնացումները Իրանի սահմանին վրայ եւ ռուսական ծովուժի զինուորական
մնայուն խարիսխը Սուրիոյ ծովափի երկայնքին` հաշուի առնելով ՕԹԱՆ-եան նախայարձակում մը Իրանի կամ Սուրիոյ վրայ:
Քանի որ Ռուսիա թուրք պետութեան կը նայի` որպէս գերազանցապէս թուրանական եւ ծաւալապաշտ պետութեան մը` հակառակ անոր կրած «իսլամական», կեղծ լաչակին: Ահա թէ ինչո՛ւ Թուրքիա մեծապէս պիտի վարանի Սուրիոյ հետ կռիւ փնտռելու` հակառակ իր թշնամական բոցավառ յայտարարութիւններուն:
- 0 Comments
- 58 views
- Tweet
Email
Print



