Մեղաւոր` Մինչեւ Անմեղութեան Փաստուիլը
By adminx - Tue Jun 26, 5:43 am
- 0 Comments
- 20 views
- Tweet
Email
Print
ՆԻՔՈԼ ՓՈՓ
«Թուտէյզ Զաման»
«Մեղաւոր` մինչեւ անմեղութեան փաստուիլը» վերնագիրն է, զոր Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան միջազգային կազմակերպութիւնը տուաւ իր վերջին զեկոյցին` հովանաւորուած Մարդկային իրաւանց միջազգային դաշնակցութեան (ՄԻՄԴ) եւ Խոշտանգումներուն դէմ համաշխարհային կազմակերպութեան (ԽՀԿ) կողմէ:
Վերջին ամիսներուն մենք տեսանք հոսք մը` հետազօտական փաստաթուղթերու, որոնք լոյս սփռեցին Թուրքիոյ արդարադատութեան համակարգի թերութիւններուն վրայ: Մասնաւորաբար այս փաստաթուղթը կը կեդրոնանայ հետապնդումներու եւ ճնշումներու վրայ, որոնց կ՛ենթարկուին մարդկային իրաւանց պաշտպաններ, որոնք կ՛աշխատին խնդրայարոյց նկատուող հարցերու վրայ:
Անգամ մը եւս անոր ընթերցումը անհանգիստ կը դարձնէ:
Ի՞նչ կ՛ըսէ զեկոյցը:
Կարճ խօսքով, հակառակ շատ կենսունակ քաղաքացիական հասարակութեան, «անոնք, որոնք կը խօսին մարդկային իրաւանց զգայուն հարցերու մասին, մասնաւորաբար` ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու անդամներ, նաեւ` փաստաբաններ, աշխատաւորական համադաշնակցութիւններու գործիչներ, լրագրողներ, մտաւորականներ եւ ակադեմականներ, գրողներ եւ խոշտանգումներու պատճառով ինկած զոհերու ընտանիքներու անդամներ, դաժան հալածանքներու եւ ճնշումներու ենթարկուած են»:
«Զգայուն» անուանուած հարցերուն շարքին, քրտական խնդիրը առաջին եւ ամէնէն կարեւոր դիրքը կը գրաւէ: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ ընդդիմադիր ղեկավարը վերջերս տեսակցեցան` փորձելով ստեղծել ընդհանուր ուղի մը դէպի բանակցային լուծում: Բայց, նոյն ատեն, Քրտական համայնքներու միութեան (ՔՀՄ) հետաքննութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցող ձերբակալութիւնները շարունակուեցան:
Զեկոյցը կը մատնանշէ, որ հակաահաբեկչական օրէնսդրութեան բոլոր սահմանումներու ըմբռնումով, ՔՀՄ-ի հետ ենթադրեալ կապեր ունենալու համար ձերբակալուած են շուրջ 8 հազար անձեր, որոնց շարքին Պուշրա Էրսանլըի նման ակադեմականներ, ինչպէս նաեւ` Մարդկային իրաւանց ընկերակցութեան անդամներ եւ փաստաբաններ:
Կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքները պահանջող եւ պաշտպանող ընկերակցութիւններ, աշխատաւորական համադաշնակցութեանց գործիչներ, մտաւորականներ, գրողներ, փաստաբաններ եւ իրաւապաշտպաններ նոյնպէս յաճախ կ՛ենթարկուին դատական ճնշումներու: Շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ նոյնպէս դիմակալած են փակման սպառնալիքը: Նոյնիսկ եթէ ատոնք փակելու ջանքերը ի վերջոյ դադրած են, անոնց անդամները ստիպուած եղած են ժամանակ եւ ճիգ վատնելու օրինական պայքար մղելու համար:
Ըստ զեկոյցին, 2012-ի սկիզբը 105 լրագրողներ, 44 փաստաբաններ, մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններու առնուազն 17 անդամներ, եւ աշխատաւորական համադաշնակցութեանց 41 գործիչներ բանտարկուած էին, իսկ տասնեակներով ուրիշներ կը դիմակալեն դատավարութիւններ:
Մինչեւ դատավարութեան երկարատեւ կալանաւորումէն եւ դատավարական թերութիւններէն անդին, այս զեկոյցը, բազմաթիւ ուրիշներու նման, կը շեշտէ կարեւորութիւն մտածելակերպի արմատական փոփոխութեան անհրաժեշտութեան:
Ատիկա կ՛եռեւեփի մեկնաբանութեամբ. դիտորդական առաքելութիւնը մարդկային իրաւանց պաշտպան մը կը բնութագրէ, կը սահմանէ` «Անձ մը, որ կը համապատասխանէ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան միջազգային գործիքին, մեքանիզմին, կը գործէ խրախուսելու, կամ պաշտպանելու այլոց համընդհանուր ճանչցուած մարդկային իրաւունքներն ու հիմնարար, արմատական ազատութիւնները, ըլլան ատոնք անհատապէս, կամ ուրիշներու հետ առնչուող…»:
Թուրքիոյ մէջ առկայ դրութեամբ, բազմաթիւ գործունէութիւններ, որոնք կ՛իյնան խօսքի ազատութեան կամ ընկերակցութեան ազատութեան բնութագրումներու, սահմանումներու մէջ, կը դասուին իբրեւ քրէական կամ ահաբեկչական արարքներ: Ինչպէս որ զեկոյցը կը մատնանշէ, խօսքի ազատութիւնը սահմանափակուած է «ըստ իրաւական դրոյթներու, որոնք կա՛մ չափազանց ընդարձակ, անկաշկանդ են, կա՛մ մեկնաբանուած լեն չափազանաց սահմանափակ ձեւով` դատախազներու եւ դատաւորներու կողմէ»:
Զեկոյցը կը յայտնէ, որ 2011 թուականին «312 խաղաղ ցոյցեր, հանրային հաւաքներ, երթեր, մամլոյ ասուլիսներ բռնի ցրուած են` 1425 վիրաւորներ պատճառելով»: Դատական 87 հայցերու ընթացքին 491 անձեր 1561 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած են հաւաքի եւ խաղաղ ցոյցի իրենց իրաւունքը իրականացնելու համար:
Անցեալ տասնամեակին «մարդկային իրաւունքներու պաշտպաններու ֆիզիքական ավտանգութիւնը» հաստատօրէն բարելաւուեցաւ, կ՛ընդունի դիտորդական առաքելութիւնը: Սակայն «իրաւապահ մարմինները, դատախազներն ու դատաւորները, երկար ատենէ վարժուած են իրաւունքներ սահմանափակելու, օրէնքը չափազանց սահմանափակ ձեւով մեկնաբանելու եւ խստօրէն գործադրելու» օգտագործելով Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրէնքը, որպէսզի` «քրէականացնէ մարդկային իրաւանց պաշտպաններու օրինական եւ խաղաղ գործունէութիւնները»:
Ուռկանը շատ լայն նետելով եւ իբրեւ «ահաբեկիչ» պիտակաւորելով մարդիկ, որոնք ուղղակի կապ չունին վայրագ գործունէութիւններու, կը քանդէ օրինական հետաքննութեանց արժանահաւատութիւնը, կը խոչընդոտէ Թուրքիոյ ժողովրդավարացումը եւ լարուածութիւնը կը սրէ երկրին մէջ: Զեկոյցը կը շեշտէ, որ` «մարդկային իրաւանց պաշտպաններու քրէականացումը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրէնքի հիմամբ, զանոնք ոչ պետական դերակատարներու կողմէ գործադրուող ֆիզիքական խոշտանգումներու ենթարկուելու վտանգին նշաւակ կը դարձնէ»:
Ասիկա այնպիսի զգուշացում մը չէ, որ Թուրքիա կրնայ անտեսել կամ թեթեւի առնել:
Կ՛արժէ յիշեցնել, որ Թուրքիոյ քաղաքացի հայ լրագրող Հրանդ Տինք սպաննուեցաւ դատական հետապնդումի հոլովոյթի ենթարկուելէ եւ «թրքական արժանապատուութիւնը վիրաւորելուն» համար դատաւորներուն կողմէ մեղադրուելէ ետք: Անցնող տասնամեակին Թուրքիոյ մէջ շատ բան փոխուած է, բայց այս զեկոյցէն կը բացայայտուի, որ այլախոհութեան հանդէպ հանդուրժողականութիւնը սահմանափակ կը մնայ եւ անհատական ազատութիւններու հաշուոյն պետութիւնը պաշտպանելու փորձութիւնն ու գայթակղութիւնը տակաւին ուժեղ եւ ամուր են:
- 0 Comments
- 20 views
- Tweet
Email
Print



