«Կիւլեն»-ի Մարտավարական Խուսանաւումը
By adminx - Tue Jun 26, 5:42 am
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print
ԵՈՒՍՈՒՖ ՔԱՆԼԸ
«Հիւրրիյէթ»
Ամէն ոք կ՛ըսէ, թէ Թուրքիոյ բացարձակ տիրակալ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան խորամանկ քաղաքական գործիչ մը եղած է, որ քաղաքականութեամբ կը զբաղի այնպէս մը, որ կարծես ճատրակ կը խաղայ:
Ոչինչ պատահական է: Իւրաքանչիւր քայլ, առնուած իր կողմէ, ինչպէս նաեւ «իր» կառավարութեան անդամներուն եւ «իր» Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն կողմէ նախապէս սերտուած, հաշուարկուած է: Փա՛ռք Աստուծոյ, բնականաբար ճամբու որոշ արկածներէ կարելի չէ խուսափիլ:
Փենսիլվանիոյ բնակիչ Ֆեթուլլա Կիւլեն հոճա, տեսախցիկներուն առջեւ լաց ու կոծով մերժեց հրաւէրը` յայտարարելով, թէ իր վերջին փափաքն է թաղուիլ Անատոլուի մէջ, իր մօր շիրիմին կողքին: Այդուհանդերձ, Կիւլենի յղուած Թուրքիա վերադառնալու վերաբերեալ Էրտողանին հրաւէրը շատ հաւանաբար երկարատեւ արդիւնքներ տալիքներէն մէկն է:
Նախ եւ առաջ վարչապետը տեղեակ չէ՞ր, որ Կիւլեն մտադրութիւն չունէր Թուրքիա վերադառնալու, ոչ միայն այդ երկրին մէջ հաւանական հալածանքի, հետապնդումի պատճառով, բայց աւելի` տարիներու ընթացքին Կիւլեն շարժումին նուաճած «համաշխարհային բնոյթին» պատճառով: Կիւլեն ինչո՞ւ Թուրքիա պիտի վերադառնայ եւ պիտի դառնայ աւելի յարգուած, բայց «տեղական կղերական», մինչ Փենսիլվանիոյ մէջ իր ներկայութիւնը իրեն կու տայ միջազգային հանդերձանք:
Տասնամեակներ առաջ Կիւլեն Զմիւռնիոյ իմամ մըն էր, բայց իր եղբայրակցութիւնը համաշխարհային չափեր, ուղղութիւններ ստացաւ տարիներու ընթացքին:
Արդեօ՞ք ան այժմ Թուրքիա կը վերադառնայ եւ Կ՛աստիճանազրկուի տեղական իմամի մակարդակին: Ակնյայտօրէն ոչ…
Երկրորդ, Կիւլենի բացակայութեան անոր եղբայրակցութեան Թուրքիոյ կազմակերպութիւնը ինկաւ իսլամականներու երկրորդ եւ երրորդ սերունդի ձեռքերուն մէջ, եւ երէցները, որոնք սկսան շարժումը, շատոնց լուսանցքայնացած են: Կիւլենի վերադարձը բախտաբեր պիտի ըլլայ լուսանցքայնացուածներուն եւ չարաբախտ` նորեկներուն համար: Անոնք պիտի ուզե՞ն Կիւլենի Թուրքիա վերադարձը:
Երրորդ, վերջին տասնամեակին Էրտողան տեղական քաղաքական գործիչի մակարդակէն բարձրացած է ազգային ղեկավարի մակարդակին, ապա վերածուած է երկրի բացարձակ տիրակալի: Ան ատիկա ըրած է անողոք ռազմավարութեամբ, բոլոր հաւանական հակառակորդներուն հետ ուղղակի առճակատումով եւ արմատախիլ ընելով, ջնջելով: Էրտողան բազմակարծիք ժողովրդավարութիւնը յաջողութեամբ փոխարինած է մեծամասնական ժողովրդավարական հասկացողութեամբ եւ ինքզինք վեհացուցած է, բարձրացուցած` «Պարոն Ամենագէտ»-ի, որ իրաւունքը ունի վերջին խօսքը ըսելու բոլոր հարցերուն, ներառեալ ընտանիք մը քանի զաւակ պէտք է ունենայ հարցին առնչութեամբ:
Էրտողան հիմա պիտի ուզէ՞ համաշխարհային հանդերձանքով իսլամական հոճայի մը Թուրքիա վերադարձը եւ հաստատուիլը Վոսփորի կամ Զմիւռնիոյ մէջ: Վարչապետը պիտի ուզէ՞ տեսնել մարդիկ, որոնք պիտի փորձեն ստուգել, թէ արդեօք Կիւլեն կը հաստատէ՞, կ՛ընդունի՞ կառավարութեան քաղաքականութիւնները: Էրտողան պիտի ուզէ՞ տեսնել «վերջնական ծայրագոյն տիրակալ» մը, որ կը հրամայէ «բացարձակ տիրակալին»:
Ուրեմն ինչո՞ւ Էրտողան հրապարակային կոչ ուղղեց Կիւլենի` անկէ խնդրելով, որ Փենսիլվանիայէն վերադառնայ:
Ամէն բանէ առաջ վարչապետը «բարեկամներու եւ թշնամիներու» ուզեց ցոյց տալ, որ մինչ ինք Թուրքիա կը գտնուի եւ պիտի մնայ, Կիւլեն Փեսիլվանիա է: Կիւլեն կրնայ երկրի բազմաթիւ խնդիրներուն մասին խօսիլ, նոյնիսկ տակնուվրայ ընել, անհանգստացնել կառավարութիւնը, սակայն հակառակ անոր որ իր դէմ բացուած բոլոր դատերը փակուած են, եւ ան այլեւս օրինական հետապնդումի ենթակայ չէ, ան մտադրութիւն չունի վերադառնալու եւ մասնակցելու այն ջանքերուն, որոնց նպատակն է երկիրը փոխակերպել, վերածել պահպանողական եւ կրօնական հասարակութեան, հանրութեան:
Երկրորդ, այդ հրաւէրով Էրտողան ցոյց տուած է, որ ինք լաւ յարաբերութիւններ ունի Կիւլենի հետ` այսպիսով եղբայրակցութեան անդամները սարսափեցնելով կառավարութեան հետ ճեղքէ մը:
Վերջնական արդիւնքը այն է, որ Էրտողան հաւանաբար պարզապէս արգելք հանդիսացած է Կիւլենի վերադարձին:
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print



