Monday May 20, 2013

50 Տարի Առաջ ( 26 Յունիս 1962 )

By adminx - Tue Jun 26, 5:31 am

Հայրենի Հողէն…

Հոգեկան հայրենիքի մխիթարութիւնը դառն ճակատագիրը եղած է հայուն, բովանդակ ազգային պատմութեան ընթացքին: Մեր երգերը, գրականութիւնն ու առհասարակ մշակութային ստեղծագործութիւնները պատկառելի մասով եղած են տոչորուն, սրտակեղէք տենչանք, ձգտում` երազային հայրենիքին:

Հայրենիքը մեզի եկած, մեր մէջ զօրացած է տառապանքով, ջարդով. յեղափոխական պայքարը դարձած է նաեւ ոգի, ապա` գիտակցութիւն եւ ապրում: Այս զօրաւոր  ապրումը` հայրենասիրութիւնը, շատ աւելի ամեհացած է յեղափոխութեան ժառանգ բեկորներու մօտ, նոյն ձգտումներու անդաւաճան ներկայացուցիչ, նոյն ոգիին ու դրօշին տակ շնչող սերունդ մը վերջապէս, որուն սուրբ հաւատքը դէպի մայիսեան մեծ ճիգին, կը մնայ միշտ անաղարտ:

Հայրենիքը իր հայկական, պատմական ու ոգեղէն անկորնչելի արժէքով այսօր մեր հոգին կը գգուէ: Ափ մը հող միայն, հայ ուխտաւորի մը հայրենիքէն վերադարձով ափ մը հողի սեփականութիւնը հրճուանք է մեզի, ճշմարիտ հայրենասէրի` ճշմարիտ նուէրը: Մեզի՛, այդ հողին վրայ սերոբներու, գէորգ չաւուշներու, համազասպներու արիւնը թափած հաւատաւորներու հարստութիւնը փշրանք մը հող է միայն զոր մեր սեղանին վրայ կը խայտայ մեր յուզումնալի ակնարկներուն տակ, կը շօշափենք դողդոջ ձեռքերով եւ պրկուած զայրոյթով: Զայրոյթ` պատմական դառն իրականութենէն ետք, այսօրուան շուկայիկ հայրենասիրութեան, զայրոյթն ու ամօթը մեզ կը կլանէ, երբ ամէն օր կը կարդանք, կը լսենք ու կը տեսնենք Հայաստանէն թէ արտասահմանէն, խմբագիրներ, եպիսկոպոսներ, գրագէտներ թէ «գործիչներ» հայրենասիրութեան տախտակներ իրենց ճակտին, իրենց սահմանուած «առաքելութեանց» կատարումէն աւելի կը զմայլին «դեղին սատանային պար»-ով: Կը վաճառեն հայրենիքը… բայց պանդուխտ թէ հայրենի հայութեան ամօթի խարանը փարիսեցիներու վեց անգամ հիւրասիրող պատասխանատուներու ճակտին է, որ պէտք է խարանուի:

Այո, ոչինչ կրնայ փոխել դարաւոր ու արմատացած հայրենասիրութիւնը մեր մէջ: Որպէս թանկագին նուէր` մեր սեղանին ունինք փշուր մը հող, հայրենքի հարազատ հող, հայ արիւնով պարարտացած  հայ գիւղացիին դարերու աշխատանքին վաստակն ու քրտինքը, տաք օրրանը` հայ պատմութեան նահատակ հերոսներու, տրորուած` թշնամի բանակներու ներխուժումներէն, հայ արեւով ցամքեցուցած իր ծոցին մէջ պատմութեան վիշտը, հայ զուլալ ջուրով վերստին կեանք տուած մեր աշխարհին:

Կարօտակէզ-, զրկուած, բայց խանդավառ, մենք այդ սրբազան հողի վաստակէն գինով չենք. խաղողին, գինիին, քոնեաքին ու ոսկիին ծնունդ տուող հողին կ՛երթայ մեր փառաբանանքը, մեր գինովութիւնը. անոր գգուանքը մեր մատներուն հրճուանք է մեզի, անով Հայաստանը կու գայ մեզի, անգիր, կենդանի մեր պատմութիւնը, որովհետեւ մենք է, որ այդ հողը թրծած ենք մեր ոսկորներով, մե՛նք է, որ զայն միլիոնի մը գնով ազատագրած ենք գերութենէ ու այսօր այդ հողէն զուրկ, անոր կարօտ: Մեր բարեկամներն ու ճշմարիտ ուխտաւորները մեր երկրէն մեզի կը բերեն միակ արմաղանը, հայրենական օճախէն կարօտեալներուս որպէս մխիթարութիւն ու հրճուանք:

… Ափ մը հող միայն…

Մեր պատմութիւնը հիմնուած է հողին վրայ, բանաստեղծը ծնած ու երգած է հողը, որովհետեւ ճշմարիտ դաստիարակութիւնը կու գայ հողէն, ազատ, ինքնիշխան հայրենի հողէն:

Մենք հայրենիքին հետ ենք, անոր անյեղլի բնութեան, կը սիրենք զայն առանց անոր ոսկիներուն ակնկալութեան, առանց զայն շուկայի վերածելու:

Գոնէ բռնապետի արձանին տեղ բարձրանար հայ աւանդական առաքինութեան ու ճշմարիտ հայրենասիրութեան ոգին:

ԱՐՄԷՆ ՏՕՆՈՅԵԱՆ

Ամերիկեան Համալսարանի
Հայ
Շրջանաւարտները

Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն յաջողութեամբ շրջանաւարտ եղան եւ վկայական ստացան հետեւեալ հայ ուսանողները.-

Բժշկական ճիւղ.- Վաչէ Այվազեան, Միսակ Պարսամեան, Մամիկոն Կարապետեան, Րաֆֆի Յովհաննէսեան, Ժիրայր Ինճեճիքեան եւ Յակոբ Մխճեան:

Հիւանդապահութեան ճիւղ.- Եսթեր Աւետիսեան, Աննա Էօրեճեան, Արմինէ Ֆերմանեան, Դշխուհի Ճինպաշեան, Զուարթ Խաչերեան, Սիմա Գոչունեան, Շաքէ Մարալեան (լաւ յիշատակութեամբ) եւ Ժոզեֆին Թալասեան:

Դեղագործական ճիւղ.- Լուսաբեր Ընքապապեան:

Երկրաչափական ճիւղ.- Յարութիւն Տիրացուեան, Էդուարդ Դոմպուրեան, Կարպիս Կարպուշեան, Վահէ Գապագեան (լաւ յիշատակութեամբ), Զաւէն Մանճիկեան, Յովհաննէս Մելիտոնեան, Նուպար Շորվօղլեան եւ Վարուժան Թենեքճեան:

Յաջորդ թիւով կու տանք միւս շրջանաւարտներուն անունները:

 

Leave a Reply

Advertisement