Saturday May 25, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Tue Jun 26, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Մի մոռնաք ձեր պարտականութիւնները եւ խոստումները` ձեր ընտանիքին նկատմամբ: Ծրագրուած ձեւով աշխատեցէք: Օրը ունի լաւ առիթներ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մի՛ վարանիք ձեր աջակցութիւնը բերելու բարեսիրական գործի մը, նիւթական կամ բարոյական իմաստով: Ձեր յօժարակամ օգնութիւնը խրախուսիչ է:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կուտակուած գործեր ունիք, ստիպուած էք աւարտել, հետեւաբար ժամավաճառ մի՛ ըլլաք, որպէսզի ոչինչ մնայ վաղուան կատարելիք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Տեղափոխութիւն մը կրնաք ունենալ գործի ճամբով: Նորութիւններ կան, որոնք նոր փորձառութիւն պիտի ընծայեն: Օրը բարի է:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Անցողական ձախողութիւն մը պահ մը պիտի խանգարէ օրուան ձեր աշխատանքը, բայց երեկոյեան լաւ լուր մը պիտի փարատէ ձեր մտահոգութիւնը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օրուան համար ձեր նախատեսած ծրագիրները պիտի յաջողին: Այս իրագործումը պիտի նպաստէ ապագայի նկատմամբ ձեր ակնկալութիւններուն:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր անձնական հարցերուն մասին մի՛ արտայայտուիք, որովհետեւ անիմաստ է, որ ուրիշներ տեղեակ ըլլան ձեր ծրագիրներուն կամ որոշումներուն:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ճամբուն վրայ պիտի հանդիպիք երկար ատենէ ի վեր չտեսած ձեր մէկ բարեկամին: Անոր հետ պիտի կարենաք հին օրերուն մտերմութիւնը վերսկսիլ փոխադարձ անկեղծութեամբ եւ յարգանքով:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
երկու անձի միջեւ կատարուած խօսակցութիւնը պէտք է պահուի խորհրդապահութեան յարգանքով: Եթէ վստահելի չէ ձեր խօսակիցը, մի՛ արտայայտուիք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ ֆիզիքական որեւէ հարց ունիք, նկատի առէք ձեր սնունդին բաղադրութիւնը, որ կրնայ աննպաստ ըլլալ ձեր մարմնին բնական պահանջին: Պտուղ կերէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հետապնդեցէք այն հարցը, որուն լուծման մասնակից անձը կրնայ մոռացութեան տալ: Անգամ մը եւս յիշեցուցէք իր պարտականութիւնը առանց քաշուելու:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Երբ օրուան աշխատանքները բազմացած են, չէք կրնար առանձին գլուխ հանել, հետեւաբար դիմեցէք օգնականի մը, որպէսզի անհոգ մնաք եւ ուրախ:

Leave a Reply

Advertisement