«Կա՛մ Ընդդիմութիւն, Կա՛մ Իշխանութիւն Պէտք Է Ըլլալ» Կ՛ըսէ Վահան Յովհաննիսեան
By adminx - Mon Jun 25, 7:57 am
- 0 Comments
- 97 views
- Tweet
Email
Print
Պատասխանելով «168 ժամ» լրատուամիջոցի թղթակիցի այն հարցումին, թէ իշխանութիւններու որոշումներուն վրայ ազդելու հարցին մէջ ՀՅԴ-ն կրնա՞յ ապաւինիլ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան ըսաւ.
«Որոշ հարցերու մէջ կրնանք համագործակցիլ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան հետ: Ատիկա մէկ կողմէ լաւ է, բայց միւս կողմէ քեզ կը զրկէ ամբողջական միասնական ուղղութիւն մշակելու կարելիութենէն: Այսինքն` միասնական քաղաքական ուղղութիւն մշակել եւ վստահ ըլլալ, որ ոչ ոք անկէ պիտի շեղի, դժբախտաբար, այսօր կարելի չէ: Դուն պէտք է ըլլաս կա՛մ ընդդիմութիւն, կա՛մ իշխանութիւն»:
Յիշեցնենք, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը մաս չկազմեց համաձայնական կառավարութեան, սակայն նաեւ չյայտարարեց ընդդիմութիւն ըլլալու մասին: «Միջանկեալ վիճակը կը պահանջէ կացութիւններուն յարմարող վիճակներ որեւէ առանձին հարցով: Երէկ դուն կառավարութեան ծրագիրին դէմ էիր, բայց այսօր կառավարութեան առաջարկած հակաժողովրդային օրինագիծին (Սեւանայ լիճի նախագիծին) կողմ կը քուէարկես: Այսպիսի իրավիճակ մը գործընկերներուն համար շատ կը դժուարացնէ համագործակցութեան ճիշդ մեքանիզմներ գտնելը», աւելցուց Վ. Յովհաննիսեան:
- 0 Comments
- 97 views
- Tweet
Email
Print



