Tuesday May 21, 2013

Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի Մէջ Նալբանդեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Քոնկոյի Եւ Սրի Լանքայի Իր Գործընկերներուն Հետ

By adminx - Mon Jun 25, 7:55 am

Նալբանդեան եւ Փէյրիս

21 յունիսին «Ռիօ+20» վեհաժողովի աշխատանքներուն մասնակցող արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ:

Քոնկոյի արտաքին գործոց նախարար Ռայմոնտ Թշիպանտայի հետ հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ: Նախարարները քննարկեցին միջազգային կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները եւ Քինշասայի մէջ հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները:

Էդուարդ Նալբանդեանի յաջորդ հանդիպումը Սրի Լանքայի արտաքին գործոց նախարար Կամինի Լաքշման Փէյրիսի հետ էր: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ քաղաքական երկխօսութեան խթանման, իրաւապայմանագրային դաշտի ձեւաւորման ուղիներուն, տնտեսական համագործակցութեան եւ մշակութային կապերու զարգացման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերուն:

Սրի Լանքայի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց իր երկրին մէջ ընթացող ներազգային համերաշխութեան ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը եւ բարեփոխումները: Համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ խորհրդակցութիւններ կատարելու մասին: Նախարար Փէյրիս իր հայաստանցի գործընկերը հրաւիրեց այցելելու Սրի Լանքա:

Leave a Reply

Advertisement