Wednesday Jun 19, 2013

Ըստ «Նեզաւիսիմայա Կազեթա»-ի Մոսկուա Մտադիր Է Կովկասի Մէջ Իր Շահերը Տարբեր Միջոցներով Պաշտպանել

By adminx - Mon Jun 25, 7:54 am

Ռուսական «Նեզաւիսիմայա Կազեթա» օրաթերթը կը գրէ, որ Ռուսիոյ հարաւը եւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ բանակի «Կովկաս-2012» ու Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) «Փոխադարձ գործակցութիւն-2012» ռազմավարական նշանակութեան հրամանատարական ռազմափորձերու նախապատրաստութեան ծիրին մէջ սկսած են մարտավարական մարզումներ` մարտական սարքերու եւ սպառազինութիւններու օգտագործումով:

«Ռազմափորձերը կը նկատուին ծրագրային: Սակայն, այդ ամէնէն դատելով, անոնք անմիջական կերպով կապուած են Կասպեան շրջանին, Իրանի եւ Սուրիոյ մէջ տնտեսական, աշխարհաքաղաքական եւ զինուորական խնդիրներու սրումին, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան տագնապին», կը գրէ օրաթերթը:

Ըստ «Նեզաւիսիմայա Կազեթա»-ի, Հարաւային զինուորական հրամանատարութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած է, որ Սթաւրոփոլի երկրամասին մէջ գտնուող «Սերնովոտսքի» հրաձգարանին մէջ այս օրերուն կը սկսին Հարաւային զինուորական հրամանատարութեան կապի զօրքերու յատուկ մարտավարական ռազմափորձերը: Անոնց ժամանակ զօրքը ժամանակակից տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու եւ ռատարի սարքերու միջոցով պիտի լուծէ գաղտնի կառավարման խնդիրներ: Ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին Հարաւային Օսեթիոյ ու Աբխազիոյ մէջ տեղակայուած ստորաբաժանումները, ինչպէս նաեւ Գիւմրիի մէջ գտնուող 102-րդ ռուսական ռազմակայանի անձնակազմը:

Յօդուածագիր Վլատիմիր Մուխին մէջբերած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի վերջերս կատարած յայտարարութիւնը, ըստ որուն, ռազմափորձերու ժամանակ զօրքը պիտի բերուի մարտական բարձր պատրաստուածութեան: Ըստ անոր, ազգային հրամանատարական ռազմափորձերը կապուած են այս տարուան սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան «Փոխադարձ գործակցութիւն-2012» եւ Ռուսիոյ «Կովկաս-2012» ռազմափորձերուն հետ:

«Նման ռազմափորձերուն, որոնց ժամանակ ռուս հրոսէջայիններու Հայաստան այցելութիւն կ՛ակնկալուի, դրացի Ազրպէյճան ու Վրաստան զգուշաւոր կերպով կը վերաբերին», կը գրէ յօդուածագիրը:

«Կովկաս-2012»-ի նախապատրաստութեան ծիրին մէջ այս օրերուն Կասպից ծովուն մէջ ռազմափորձեր կը կատարուին` Կասպեան նաւատորմիղի նաւերուն մասնակցութեամբ:

Յառաջիկայ ամիսներուն այստեղ հերթապահութիւն պիտի կատարեն նոր նաւեր, որոնք ալ աւելի պիտի բարձրացնեն նաւատորմիղի մարտական պատրաստուածութիւնը:

«Այս ձեւով ռուսական իշխանութիւնները զգալի ուշադրութիւն կը դարձնեն Կասպեան շրջանին ու Կովկասի մէջ պաշտպանութեան ամրապնդման: Շրջանի ապառազմականացման մասին ի հարկէ ոչ մէկ խօսք կ՛ըլլայ: Մոսկուա մտադիր է իր շահերը պաշտպանել տարբեր միջոցներով, ինչու չէ նաեւ ուժի գործածութեամբ», կ՛եզրափակէ օրաթերթը:

 

 

Leave a Reply

Advertisement