«Թուրքիոյ Եւ Սուրիոյ Միջեւ Երկխօսութիւնը Կը Նպաստէ Գոյութիւն Ունեցող Տարակարծութիւնները Լուծելու» Կ՛ըսէ Վարչապետ Միքաթի
By adminx - Mon Jun 25, 7:50 am
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու շաբաթ գիշեր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանի վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ եւ անոր փոխանցեց Սուրիոյ կողմէ թրքական կործանիչի վար առնուելու դէպքին շուրջ թրքական կառավարութեան ունեցած տեղեկութիւնները:
Միքաթի Տաւութօղլուէն այս դէպքին շուրջ յստակացումներ խնդրեց եւ զօրակցութիւն յայտնեց «կորսուած օդաչուներու ընտանիքներուն»` յոյս յայտնելով, որ օդաչուներն ու ջախջախուած օդանաւը փնտռելու սուրիական եւ թրքական ուժերու գործակցութիւնը դրական արդիւնքի հասնի:
Լիբանանի վարչապետը Տաւութօղլուին յայտնեց, որ «Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ երկխօսութիւնը կը նպաստէ գոյութիւն ունեցող տարակարծութեանց լուծումին», եւ շրջանին մէջ ներկայ կացութիւնը կը պահանջէ, որ ողջմտութիւնն ու ինքնազսպումը գերակշռեն, ինչպէս նաեւ երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորող միջազգային ուխտերու եւ համաձայնութեանց ճամբով հանդարտ լուծումին առիթ ընծայուի:
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print



