Thursday May 23, 2013

Զօր. Աուն Աւարտեց Զահլէ Կատարած Իր Այցելութիւնը

By adminx - Mon Jun 25, 7:48 am

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, որ ուրբաթ օր եռօրեայ այցելութեամբ մը ուղղուած էր Զահլէ, երէկ աւարտեց իր այցելութիւնը` մասնակցելով Զահլէի Մար Անթոնիոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած կիրակի օրուան պատարագին, որուն նախագահեց մարոնի համայնքի առաջնորդ Մանսուր Հըպէյքա եպիսկոպոսը:

Շաբաթ օր զօր. Աուն այցելեց ասորի ուղղափառ համայնքի Զահլէի եւ Պեքաայի առաջնորդ Պուլոս Սաֆար եպիսկոպոսին, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ ինք խորհրդարան պիտի ներկայացնէ այնպիսի օրինագիծ մը, որուն շրջագիծին մէջ պիտի պահանջէ լիբանանեան խորհրդարանին մէջ աւելցնել երեսփոխաններուն թիւը, որպէսզի կարելի ըլլայ խորհրդարանին մէջ ներկայացնել նաեւ ասորի համայնքը:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ ինք մեծ սխալ կը նկատէ քրիստոնեաները միասնականացնելու կոչերը, որովհետեւ կրօնական եւ հոգեւոր առումով քրիստոնեաները մէկ են եւ միացած մէկ Աստուծմով:

Զօր. Աուն նշեց, որ Զահլէ իր այցելութիւնը քաղաքական բնոյթ չունի, այլ ուղղակիօրէն կապուած է քրիստոնեաներուն հարցերը քննարկելու հետ:

Զահլէի մարոնի համայնքի առաջնորդ Մանսուր Հըպէյքա եպիսկոպոս զօր. Աունը ընդունելու պահուն մաղթեց, որ Զահլէ անոր այցելութիւնները բազմանան, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանին ընկերային եւ ազգային իրավիճակը բարելաւել:

Այս շրջագիծին մէջ, զօր. Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ կայ խմբակ մը, որ կ՛արգիլէ տարբեր ծրագիրներու գործադրութիւնը: Ան կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն բարձրացնելու իրենց ձայնը` ներկայացնելու համար իրենց պահանջները:

Զօր. Աուն կոչ ուղղեց Զահլէի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներ գործադրելու:

Անդրադառնալով Սուրիոյ կացութեան` զօր. Աուն յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը պիտի բարելաւուի` նշելով միաժամանակ, որ երկրին պիտի շարունակէ իշխել նոյն վարչակազմը, սակայն ժողովրդավարական դիմագիծով:

Նշենք, որ զօր. Աուն Զահլէի մէջ ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպած զրոյց- հանդիպումին, որուն մասնակցեցան շրջանին հեղինակաւոր անձնաւորութիւններն ու Ազգային ազատ հոսանքի համակիրները:

Հանդիպումին ընթացքին զօր. Աուն շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ կը զօրակցին բոլոր անոնց, որոնք Լիբանանի մէջ գործող ահաբեկչական բջիջներուն դէմ կը պայքարին:

Ընտրական նոր օրէնքին եւ Լիբանանի մէջ համայնքային դրութիւնը ջնջելու կարելիութեան մասին խօսելով` զօր. Աուն յայտնեց, որ համայնքային դրութիւնը ջնջելու առումով համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած եւ ամբողջ Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի վերածող ընտրական օրէնքը լաւագոյն եւ օրինակելի միջոցն է:

 

 

Leave a Reply

Advertisement