Tuesday May 21, 2013

Էլիաս Մըր Ամօթ Կը Նկատէ Վարչապետ Միքաթիի Առած Քայլը

By adminx - Mon Jun 25, 7:40 am

Էլիաս Մըր

Նախկին փոխվարչապետ Էլիաս Մըր ամօթ նկատեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ իսլամական արգելափակեալներուն երաշխաւորագիները վճարելու քայլը:

«Հակառակ անոր որ մենք համաձայն չենք, որ անհատ մը առանց դատավարութեան բերման ենթարկուի եւ բանտարկուի, սակայն անկարելի է նաեւ ընդունիլ, որ մարդիկ պարծենան Նահր Պարետի դէպքերուն թղթածրարով ձերբակալուած իսլամականներու 500 հազար լ. ոսկիի երաշխաւորագինը վճարելով», ըսաւ Մըր` հարց տալով, որ արդեօք Նահր Պարետի մէջ զոհուած 200 զինուորները եւ հաշմուած 1500 բանակայինները իրենցմով հետաքրքրուող կառավարութիւն կամ վարչապետ չունի՞ն եւ արդեօք ընտրական այս աժան հաշիւները աւելի սո՞ւղ են նահատակուած զինուորներուն հոգիներէն:

Անդրադառնալով ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ ձերբակալուած կասկածելի մը վարչապետին բնակարանին մէջ ընդունելու գաղափարին` Էլիաս Մըր հարց տուաւ, որ արտօնելի՞ է երկրին ապահովական կառոյցին հեղինակութիւնը հարուածել եւ վարչապետի պաշտօնը այս աստիճան նուաստացնել` խոցելով լիբանանեան պետութեան հանգամանքը:

«Չէի կրնար պատկերացնել, որ օր մը օրանց կը հասնինք այնպիսի մակարդակի մը, որուն ընթացքին մեր նահատակներուն արիւնը կարելի կ՛ըլլար 500 հազար լ. ոսկիի վաճառել, եւ կը խնդրեմ Աստուծմէ, որ պահպանէ բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը եւ ողորմէ նահատակները», նշեց Էլիաս Մըր:

 

Leave a Reply

Advertisement