Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Mon Jun 25, 7:38 am
- 0 Comments
- 10 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ ան շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է մշակէ այնպիսի օրէնքներ, որոնց հիման վրայ պէտք է արգիլել օտարներուն լիբանանեան հողեր վաճառելու երեւոյթը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը կարիք ունի քաղաքական հովանաւորութեան եւ ժողովրդային զօրակցութեան` կատարելու համար իր դերակատարութիւնը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կառոյցը այս շաբթուան ընթացքին ամբողջ Լիբանանի տարածքին պիտի գործադրէ ապահովական հսկողութեան օր մը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ եթէ իրենք գիտակից չըլլային, Լիբանանի մէջ շատոնց միջհամայնքային եւ միջյարանուանական սադրանքներ կ՛արձանագրուէին: Ան շեշտեց, որ իրենք դրական մօտեցումով կը մասնակցին Ազգային երկխօսութեան նիստին եւ իրենց նպատակն է լուծել տարակարծութիւններն ու գործադրել նախապէս տրուած որոշումները: Ռաատ շեշտեց նաեւ, որ իրենք կը շարունակեն զօրակցիլ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան:
ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ արգելափակեալներէն` պաղեստինեան քաղաքացիութիւն կրող Մունիր Մազիան Պատտաուի գաղթակայանէն ազատ արձակուեցաւ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերը ձախողեցան առեւանգել լիբանանցի հողագործ մը, որ իր հողը կը մշակէր Շեպաայի մէջ:
ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Խալիլ Համտան յայտնեց, որ լիպիացի պատասխանատուներուն կողմէ իմամ Մուսա Սատըրի ճակատագիրին մասին կատարուած յայտարարութիւնները անճիշդ են:
ԺԱԼ ԷԼ ՏԻՊԻ թաղապետ Ժան Ապու Ժաուտէ յայտնեց, որ յառաջիկայ 10 յուլիսին Ժալ էլ Տիպի բնակչութիւնը հսկայ ցոյց մը պիտի կատարէ եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան պիտի հասցնէ իրավիճակը, եթէ կառավարութիւնը չվաւերացնէ Ժալ էլ Տիպի մէջ փապուղիի կառուցման ծրագիրը:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ օդանաւային ընկերութիւններուն եւ պանդոկներուն մօտ Լիբանան ժամանող զբօսաշրջիկներուն թիւը նուազած է 34 առ հարիւրով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ ինք չի ծրագրեր հանրապետութեան նախագահ դառնալ, սակայն եթէ իրմէ նման բան պահանջուի, ապա ինք մէկ երկվայրկեան իսկ պիտի չվարանի իր թեկնածութիւնը առաջադրելու առումով:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմ հանդիպում մը ունեցաւ Նահր Պարետ գաղթակայանին մէկ պատուիրակութեան հետ: Քննարկուեցան Նահր Պարետի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները եւ զանոնք դարձեալ չկրկնելու անհրաժեշտութիւնը:
ԱՄԱԼ շարժումի եւ Հըզպալլայի Պէյրութի պատասխանատուները շեշտեցին, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումն ու ամրապնդումը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է արագացնել ելեկտրականութեան տագնապին լուծումը:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ դատական իշխանութիւնները պէտք է հեռացնել բանավէճերէն եւ տեղեկատուական դատավարութիւններէն:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սադրանքներ հրահրելու միջազգային որոշում կայ:
- 0 Comments
- 10 views
- Tweet
Email
Print



