Թուրքիա – Սուրիա Լարուածութիւն. Անգարա Իր Օդանաւին Վար Առնուելուն Հարցով Օթան-ի Արտակարգ Նիստ Մը Պահանջեց
By adminx - Mon Jun 25, 7:29 am
- 0 Comments
- 60 views
- Tweet
Email
Print
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ ինք կապ հաստատած է շրջանի բոլոր երկիրներուն, ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն հետ եւ անոնց ներկայացուցած ուրբաթ օր սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան ուժերուն կողմէ թրքական կործանիչի մը վար առնուելուն մասին տեղեկութիւններ: Ան աւելցուց, որ Թուրքիա այս դէպքին շուրջ ՄԱԿ-ի մանրամասն զեկուցում մը պիտի ներկայացնէ:
Տաւութօղլու նշեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թրքական պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ յատուկ հարցազրոյցի մը ընթացքին թրքական հասարակութեան պիտի ներկայացնէ միջադէպին մանրամասնութիւնները: Ան ընդգծեց, որ շատեր հարց կու տան թրքական օդանաւին սուրիական սահմանին մօտ գտնուելուն պատճառներուն շուրջ` աւելցնելով, որ օդանաւը միայն մէկ նպատակ ունէր` մարզում եւ ոչ մէկ այլ նպատակ. անիկա Սուրիոյ պետութեան շուրջ տեղեկահաւաք չէր կատարեր: Ան ըսաւ, որ օդանաւը առանձին թռիչք կը կատարէր, եւ եթէ առաքելութիւն մը ունենար, ապա անոր այլ օդանաւ մը պէտք էր ընկերակցէր: Ըստ իրեն, օդանաւը անզէն էր, որովհետեւ մարզում կատարող օդանաւերը զէնք չեն կրեր:
Տաւութօղլու յայտնեց, որ մանրամասն հետաքննութիւններէ ետք ի յայտ եկած է, որ օդանաւը վար առնուած է միջազգային ջուրերուն մէջ` 13 մղոն հեռաւորութեան վրայ: Ան կարճ ժամանակով խզած է սուրիական օդային սահմանը եւ թրքական օդային տարածք վերադառնալէն 15 վայրկեան ետք վար առնուած է առանց նախնական որեւէ զգուշացումի:
Թրքական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ կարելի եղած է ջախջախուած օդանաւը յայտնաբերել: Անիկա կը գտնուի սուրիական ջուրերուն մէջ` 1300 մեթր խորութեան վրայ:
Թուրքիա այդ դէպքին հարցով ՕԹԱՆ-ի արտակարգ նիստ մը պահանջեց եւ Սուրիան զգուշացուց թրքական բանակին մարտահրաւէր կարդալէ: ՕԹԱՆ-ի բանբեր Աննա Լոնկիսքօ յայտնեց, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու պատուիրակները երեքշաբթի օր պիտի կատարեն ժողով մը` Սուրիոյ կողմէ թրքական օդանաւի վար առնուելուն շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարելու համար:
Մինչ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտնեց, որ Սուրիա թրքական օդանաւը վար առնելուն համար հաշուետուութեան պիտի կանչուի, բրիտանական «Տէյլի Սթար Սանտէյ» օրաթերթը յայտնեց, որ Բրիտանիա կործանիչներ Սուրիոյ դէմ յարձակում գործելու համար պատրաստ վիճակի մէջ դրած է: Օրաթերթը կը նշէ, որ եթէ Թուրքիա որոշէ Սուրիոյ հակադարձելու համար ուժ կիրարկել, ապա կարելի պիտի ըլլայ ՕԹԱՆ-ի այլ անդամներ, ներառեալ` Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները համոզել Սուրիոյ դէմ յարձակումին մասնակցելու:
Նշենք, որ Արաբական խորհրդարանը երէկ կոչ ուղղեց Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի մը ստեղծելու:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ Տաւութօղլու Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հեռաձայնային կապ հաստատելով` անոր հետ քննարկած է թրքական օդանաւի վար առնուելուն հարցը: Նշենք, որ Սուրիական ազատ բանակէն գնդապետ Ամմար Ուաուի երէկ յայտնեց, որ թրքական օդանաւը վար առնողները ռուսերն են` նշելով, որ «ռուսերը Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մէջ հրթիռային համակարգեր տեղակայած են»: Ան ըսաւ, որ Ռուսիոյ այս քայլը ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ միջազգային ընտանիքին ուղղուած սպառնալից պատգամ մըն է, ըստ որուն, Ռուսիա կրնայ սուրիական օդային տարածք մուտք գործող որեւէ օդանաւ վար առնել:
Միւս կողմէ, «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական վարչակարգէն անջատուած եւ Յորդանան ապաստանած սուրիացի օդաչուներու թիւը բարձրացած է 7-ի: Յորդանանեան «Արապ Եոմ» օրաթերթը երէկ հաղորդած է, որ սուրիացի 3 օդաչուներ սուրիական վարչակարգէն անջատուած են եւ ցամաքի ճամբով Յորդանան մուտք գործած են:
Մինչ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ կոչ ուղղեց ինքնազսպում ցուցաբերելու, Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Թուրքիա չսերտուած հակադարձութիւն կատարելու մէջ պիտի չներքաշուի, սակայն շեշտեց, որ «կարելի չէ որեւէ պարագայի տեղի ունեցածին նկատմամբ աչք խփել»: Թրքական լաւատեղեակ աղբիւրներ իրենց կարգին «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Անգարա Սուրիոյ կողմէ թրքական օդանաւի վար առնուելուն հակադարձելու քայլերը զգուշութեամբ կը սերտէ, որովհետեւ չ՛ուզեր աշխարհի ուշադրութիւնը Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցողներէն ու սուրիական տագնապէն շեղել, ինչպէս նաեւ չ՛ուզեր այս ամսուան վերջաւորութեան նախատեսուած Սուրիոյ շուրջ Ժընեւի ժողովէն առաջ գրգռութեան թակարդը իյնալ:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Իկոր Մարկիլով զգուշացուց, որ Սուրիոյ մէջ վարչակարգի փոփոխութիւն պարտադրելու փորձերը եւ ընդդիմութեան նկատմամբ միակողմանի աջակցութիւնը Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմ պիտի պատճառեն:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թրքական ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի եւ ընդդիմադիր այլ կուսակցութեանց ղեկավարներու հետ հանդիպումներու ձեռնարկեց` օդանաւի վար առնուելուն հարցին նկատմամբ որդեգրուելիք քայլերուն շուրջ քննարկումներ կատարելու համար:
- 0 Comments
- 60 views
- Tweet
Email
Print




