Wednesday Jun 19, 2013

«Քրիստոնէական Բանջարեղէն» Լոլիկին Դէմ Սալաֆական Արշաւ

By adminx - Mon Jun 25, 7:26 am

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «Եգիպտոսի իսլամական ժողովրդական ընկերակցութիւն» սալաֆական կազմակերպութիւնը իսլամներուն կոչ ուղղած է հրաժարիլ լոլիկէն` որովհետեւ անիկա «քրիստոնէական բանջարեղէն» է:

Կազմակերպութիւնը իր պնդումը կը հիմնաւորէ այն բանով, որ երբ լոլիկը կիսուի, անոր մէջ կարելի է խաչ նշմարել: Սալաֆականները իրենց նախազգուշացումը համապատասխան լուսանկարով տարածած են Դիմատետրի իրենց էջին վրայ:

Լուսանկարին կից գրութեան մէջ ըսուած է, թէ Պաղեստինի մէջ հաւատաւոր իսլամ կին մը տեսած է տեսիլք մը, որուն մէջ Մոհամետ մարգարէն լացած է եւ զգուշացուցած իր հետեւորդները լոլիկ ուտելէ:

«Եթէ դուք չտարածէք այս, գիտցէք, որ սատանան կանգնեցուցած է ձեզ», ըսուած է անոնց յայտարարութեան մէջ:

Նշենք, որ ծայրայեղ իսլամականները վերջերս Եգիպտոսի մէջ իսլամներուն արգիլած էին ամերիկեան «Շեվրոլէ» տիպի ինքնաշարժ վարել, որովհետեւ «Շեվրոլէ»-ի մակնիշը խաչ է:

 

Leave a Reply

Advertisement