Sunday May 19, 2013

Արամ Ա. Կաթողիկոս Դա՛րձեալ Կը Մերժէ Հարցազրոյց Ունենալ Թրքական Հեռատեսիլի Վրայ

By adminx - Mon Jun 25, 7:17 am

Երկու ամսուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով թրքական արբանեակային պատկերասփիւռի կայան մը դիմեց Արամ Ա. կաթողիկոսին հարցազրոյց մը ունենալու: Հարցազրոյցը պիտի տեւէ երկու ժամ, պիտի քննարկէ «միջազգային հարցերու շարքին նաեւ Հայկական հարցը» եւ պիտի թարգմանուի հինգ լեզուներու: Հարցազրոյցը պիտի վարէ թուրք հանրածանօթ լրագրող եւ մտաւորական Ատնան Օքթար:

Օրին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակը մերժած էր ընթացք տալ յիշեալ առաջարկին` ըսելով, թէ այնքան ատեն որ Թուրքիան չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում չէ կատարած հայ ժողովուրդին, Արամ Ա. կաթողիկոս կը մերժէ նման առաջարկ մը:

Երկրորդ խնդրանքին մէջ կ՛ըսուի, թէ «այս բարեկամական առաջարկ» մըն է եւ թէ «Աստուած կ՛ուզէ, որ մեր ժողովուրդներուն միջեւ հաշտութիւն ըլլայ»: Եւ աւելին, նոյն դիմումին մէջ վեհափառը կը հրաւիրուի Պոլիս, ուր «ան ինքզինք աւելի քան հանգիստ ու ապահով պիտի զգայ»: Ապա կոչ կ՛ուղղուի վեհափառին «դրական քայլ մը առնելով տիպար օրինակ դառնալու»: Նամակը կը փակուի հետեւեալ բառերով. «Մեզի համար պատիւ է Արամ Ա. կաթողիկոսը ունենալ Պոլսոյ մէջ»:

Դարձեալ ըստ կաթողիկոսարանի մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակին, «Պոլիսէն Անթիլիաս եկած յիշեալ նամակը մնաց անպատասխան… Ցեղասպան նո՛յն թուրքն է, որ տարբեր դիմակներով կը ներկայանայ մեր ժողովուրդին եւ միջազգային համայնքին»:

 

Leave a Reply

Advertisement