Կրթական Յեղափոխութիւն. Միացեալ Նահանգներու Մէջ Առաջնակարգ Համալսարաններ Համացանցի Վրայ Կը Հրապարակեն Իրենց Հռչակը
By adminx - Mon Jun 25, 5:32 am
- 0 Comments
- 50 views
- Tweet
Email
Print
ՀԱՄԱՑԱՆՑԸ ՕՐԷ ՕՐ ԿԸ ՇՐՋԷ ՈՉ ՄԻԱՅՆ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՁԵՒԵՐԸ, ԱՅԼ ՆԱԵՒ` ՀԱՍՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՄԷՋ ԱՐԴԷՆ ԿԸ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒԻ ՏԱՐԲԵՐ ՄՇԱԿՈՅԹ ՄԸ, ՈՒՐ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ Կ՛ԱՂՕՏԻՆ ԻՐԱԿԱՆ ԵՒ ԻՐԱԿԱՆԱՆՄԱՆ (ՎԸՐՉՈՒԸԼ) ԱՇԽԱՐՀՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ: ԱՅՍ ԱՇՆԱՆ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՄԷԿ ՄԻԼԻՈՆ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ ՄԱՍ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԵՆ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ՓՈՐՁԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՄԸ, ՈՐ ԿՐՆԱՅ ՍՏԵՂԾԵԼ ՆՈՐ ՈԼՈՐՏՆԵՐ` ԲԱՐՁՐ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԴԱՇՏԻՆ ՄԷՋ ԵՒ ՅԵՂԱՇՐՋԵԼ ԻՆՔՆԻՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԿՐԹԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ԼՐԱԳՐՈՂ ՇՈՆ ՔՈԼԱՆ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՆՈՐ ԶԱՐԳԱՑՈՂ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ:
Միացեալ Նահանգներու մէջ բարձր կրթութեան ամէնէն հզօր կեդրոնները սկսած են առաջարկել համացանցի վրայ դասընթացքներ: Ասիկա փորձ մըն է գիտնալու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է իրենց փորձառութիւնն ու գիտութիւնը հասանելի դարձնել համաշխարհային տարողութեամբ:
Հարվըրտի համալսարանը եւ Մասաչուսեցի արհեստագիտական հիմնարկը (Մասաչուսեց Ինսթիթիւթ աֆ Թեքնոլոճի. Էմ. Այ. Թի.) կնքած են 60 միլիոն տոլարի գործակցութեան համաձայնագիր մը` շուկայ իջեցնելու համար էտԷՔՍ-ը, այսինքն` համացանցի վրայ բեմ մը, ուրկէ պիտի փոխանցեն իրենց դասընթացքները: Անոնք ունին համեստ ձգտում մը. «Յեղափոխականացնել կրթական համակարգը աշխարհի տարածքին»:
Զինուորական գաղտնի գործիքի մը նման հնչող էտԷՔՍ-ը համացանցի վրայ պիտի տրամադրէ փոխադարձ կապերու վրայ հիմնուած դասընթացքներ, որոնց պիտի կարենայ հետեւիլ ոեւէ մէկը, որեւէ տեղ, առանց մուտքի պայմաններու եւ անվճար` գէթ ներկայիս:
Սիլիքոն Վալիի մէջ իրենց արմատներով` Սթանֆորտի համալսարանէն ակադեմականներ համացանցի վրայ հիմնած են այլ բեմ մը, որ կը կոչուի Քորսերա. անիկա պիտի տրամադրէ դասընթացքներ` Սթանֆորտի, Փրինսթընի եւ Միացեալ Նահանգներու կրթական առաջատար այլ հաստատութիւններու կողմէ:
ԷտԷՔՍ-ի առաջին նախագահը` Անանթ Ակարուալ տնօրէնն է Մասաչուսեցի Արհեստագիտական հիմնարկին համակարգչային գիտութեան եւ արուեստական խելացութեան գիտաշխատանոցին: Ան նաեւ ռահվիրաներէն մէկն է այս հիմնարկին համացանցի տարբերակին, որ կը կոչուի ՄԻԹէքս:
Ակարուալ կը ներկայացնէ վիճակագրական կարգ մը տուեալներ, որոնք կը խտացնեն կրթական խաղին օրէնքները փոխելու կարելիութիւնը:
Այս տարուան սկիզբը համացանցի վրայ ՄԻԹէքս-ի կողմէ տրամադրուած առաջին դասընթացքին արձանագրուած ուսանողներուն թիւը կը գերազանցէր թիւը ապրող այն անձերուն, որոնք վկայուած են այս համալսարանէն:
Իրօք, անոնց թիւը այնքան ալ հեռու չէ 19-րդ դարէն ի վեր այս համալսարանը յաճախած ուսանողներուն ընդհանուր թիւէն:
«Անցած Ենք Սահմանագիծը»
Համացանցը կ՛ընձեռէ հասողութեան սահմանները ընդարձակելու անզուգական միջոց մը: Սակայն անիկա նաեւ կը ստեղծէ հեռահաս եւ փշոտ հարցադրումներ` համալսարանի մը նախատիպին վերաբերեալ:

Ֆէյսպուքի ծննդավայր Հարվըրտի համալսարանը միացած է դասընթացքներն ու ընկերային կեանքերը համացանցի վրայ տեղադրելու ծրագիրի մը:
«Անցած ենք սահմանագիծը», կ՛ըսէ Ակարուալ: Համացանցի վրայ դասընթացքները պիտի սկսին աշնան, եւ ան կ՛ակնկալէ, որ ունենայ առնուազն 500 հազար ուսանող, հաւանաբար` աւելի:
Ցոյց տալու համար, թէ դասընթացքները ինչպէ՛ս պիտի փոխանցուին համացանցի վրայ, ՄԻԹէքս-ի նախատիպը տուած է ելեկտրոնային դասընթացք մը` օգտագործելով փոխյարաբերութեան վրայ հիմնուած իրականանման գիտաշխատանոց մը, ե-գիրքեր, ինչպէս նաեւ` համացանցի վրայ քննարկումներ եւ տեսերիզով պատրաստուած դասախօսութիւններ:
Դասընթացքին արժեւորումը կը կատարուէր շաբաթը 10 ժամ տեւողութեամբ եւ ամբողջութեամբ մեքենական էր:
«Ասիկա կրնայ նշել համալսարանի մը մէջ երկու ժամ տեւողութեամբ դասախօսելու աւանդութեան վերջը,- կ՛ըսէ Ակարուալ:- Համալսարանի մը մէջ կարելի չէ կոճակ մը սեղմելով` լռեցնել դասախօս մը, կարելի չէ անոր խօսքը արագ-արագ առջեւ տանիլ»:
Ձայնագրուած դասախօսութիւններ, որոնք հասանելի են այՓետ-ի վրայ կոճակի մը սեղմումով, թերեւս կը նմանին դասագիրքերու, եւ համալսարաններ կը փորձեն օգտագործել հրապարակի վրայ գտնուող լաւագոյն օրինակները:
Համացանցի վրայ հսկայական թիւով ուսանողներու նիշերը որոշելը ինքնին գործնական առումով մեծ մարտահրաւէր մըն է: ԷտԷՔՍ ինքնին գիտաշխատանոց մըն է, որ պիտի քննէ այս կարիքը գոհացնելու եւ լուծում մը զարգացնելու միջոցները:
Հարվըրտ համալսարանի արուեստներու եւ գիտութեան հիմնարկի տնօրէն Մայքըլ Սմիթ կը նկարագրէ «կարեւորութիւնը ուսումնասիրութեան այն անհաւատալի առիթներուն», զորս կ՛ընձեռէ էտԷՔՍ-ը:
«ԷտԷՔՍ-ի բեմէն պիտի հաւաքենք հսկայական տուեալներ` ուսանողներուն եւ դասընթացքներուն փոխյարաբերութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ` համացանցի ընձեռած միջոցներուն եւ դատողութիւններուն», կ՛ըսէ Սմիթ:
Աստիճանաւոր Տիտղոսներ
Ակարուալ կը փափաքի ընկերային գիտութիւններ եւ մարդկային գիտութիւններ ներառել համացանցի վրայ տրամադրուած դասընթացքներուն մէջ, որոնց համար սակայն պէտք է զարգացնել հարցումներու մեքենական պատասխաններ տալու միջոցներ: Ան նաեւ կը մտածէ ուսանողներու միջեւ մէկզմէկու նիշ տալու կարելիութիւն մը իրականացնելու մասին` իբրեւ լուծում:

Համացանցի Քորսերա ծրագիրին միջոցով տրուած դասախօսութիւն մը, որուն բովանդակութիւնը կը պատկանի Սթանֆորտի համալսարանին:
Այս բոլորը թերեւս դժուար իրագործելի կը թուին ներկայիս, սակայն Սմիթ կ՛ըսէ, թէ համացանցի վրայ կարելիութիւնները տեւաբար կը յառաջդիմեն:
«Մարդիկ այս օրերուն իրարու հետ կը յարաբերին եւ տեղեկութիւններ կը ստանան նոր ձեւերով, բաղդատած` նոյնիսկ քանի մը տարի առաջ իրենց օգտագործած միջոցներուն: Հարվըրտի նման համալսարաններ պարտաւոր են ներկայ գտնուիլ այս տարածքին մէջ», կ՛ըսէ ան:
Նման դասընթացքներու արդիւնքները գնահատելը այլ բարդ հարց մըն է:
Համացանցի վրայ տրամադրուած դասընթացքները կը խոստանան նոյնքան խստապահանջ եւ ճշգրիտ մօտեցում, որքան` Մասաչուսեցի արհեստագիտական հիմնարկը կամ Հարվըրտի համալսարանը: Սակայն համացանցի դասընթացքներու հետեւած եւ յաջողած ուսանողներ պիտի ստանան «տիրապետելու վկայագիր» մը եւ ոչ թէ` վկայական մը կամ համալսարանին կողմէ տրուած պաշտօնական տիտղոս մը: Սակայն յայտնապէս անոնք միայն քայլ մը հեռու են վճարող յաճախորդներու ընձեռուած կարելիութիւններէն:
Երբ համալսարան յաճախող ուսանող մը տարին 50 հազար տոլար կը վճարէ, համալսարանի մը համար դժուար է անոր վայելած առաւելութիւնները համացանցի վրայ շնորհել անվճար:
Բարձր Կրթաթոշակ
ԷտԷՔՍ ծրագիրը բախտաւոր է, որովհետեւ կը վայելէ հովանաւորութիւնը երկու հարուստ հիմնարկներու, որոնց համար համացանցի վրայ դասընթացքներ հաստատելով` նիւթական շահ ապահովելու ակնկալութիւնը հրատապ հարց մը չէ:
Սակայն Քուրսերայի հիմնադիրներէն Տաֆնէ Քոլէ կ՛ըսէ, թէ համացանցի վրայ տրամադրուած դասընթացքներու ընդարձակումը պիտի ստեղծէ բարդ հարցադրումներ` համալսարաններու ընձեռած դասանիւթերուն եւ անոնց փոխարէն գանձուած բարձր թոշակներուն վերաբերեալ:

Արդեօք դասախօսութիւնները աւելի արդիւնաւէ՞տ պիտի դառնան, երբ արձանագրուին համացանցի համար, եւ երբ ուսանողներ կարելիութիւնը պիտի ունենան իրենց փափաքած պահուն զանոնք առկախելու կամ վերսկսելու:
Որովհետեւ, երբ համալսարանի մը դասընթացքներուն բովանդակութիւնը կարելի է ձրի տրամադրել, ապա ի՞նչ բանի գինն է, որ կը վճարեն համալսարան յաճախող ուսանողները:
Արդեօք անոնք կը վճարեն համալսարանին դասախօսներուն եւ պաշտօնէութեան հետ հաղորդակցելո՞ւ համար, արդեօք կը վճարեն` այլ ուսանողներու հետ ժամանա՞կ անցընելու, կամ` իրենց կենսագրութեան մէջ նշելու, թէ յաճախած են տուեալ համալսարա՞նը:
«Ասիկա պատճառ պիտի դառնայ, որ համալսարաններ վերատեսութեան ենթարկեն իրենց արժէքը` ուսանողներուն համար», կ՛ըսէ Քոլէ, որ մաս կը կազմէ Սթանֆորտի համալսարանին համակարգչային գիտութեան բաժանմունքին դասախօսներու կազմին:
Ամէնէն մակարդակաւոր համալսարանները դժուարութիւն չունին ուսանողներ ներգրաւելու եւ միշտ ալ բաւարար դիմումներ կը ստանան: Սակայն համացանցի վրայ բարձրորակ դասընթացքներ հաստատելը շատ աւելի դժուար աշխատանք մը պիտի ըլլայ միջին մակարդակի հաստատութիւններու համար:
Ինչո՞ւ սուղ գիներ պիտի վճարենք` միջակ դասախօսութիւն մը լսելու համար, երբ կրնանք այցելել համացանց եւ տեսնել այլ համալսարանի մը մասնագէտը եւ ունկնդրել անոր դասախօսութիւնը, նոյնիսկ երբ ան կը գտնուի այլ երկրի մը մէջ:
«Միջին մակարդակի համալսարանները իրապէ՛ս պիտի պարտաւորուին վերատեսութեան ենթարկելու իրենց մատուցած կրթութիւնը», կ՛ըսէ Քոլէ:
Կուկըլի Տնտեսութիւն
Քոլէի համաձայն, Քուրսերայի բովանդակութիւնը պիտի տրամադրուի ձրի` հետեւողութեամբ Սիլիքոն Վալիի մէջ հաստատուած ընկերութիւններուն, ինչպէս` Կուկըլ:
Երբ գոյութիւն ունին մեծ թիւով խանդավառ եւ աշխատելու պատրաստ ուսանողներ, որոնց թիւը ցարդ հասած է շուրջ 600 հազարի եւ կը շարունակէ մագլցիլ, միշտ ալ գոյութիւն պիտի ունենան բազմաթիւ առիթներ եւ գործակցութիւններ` եկամուտի աղբիւրներ ապահովելու:
Համացանցի համար մշակուած ծրագիրներու նպատակն է նաեւ գոհացնել բարձր կրթութեան միջազգային հսկայական պահանջը:
Քուրսերա իր առաջին քայլերով արդէն ներգրաւած է ուսանողներ` 190 երկիրներէ: Միացեալ Նահանգներէն դուրս անոր ուսանողներուն մեծ մասը կը գտնուին Բրիտանիոյ, Պրազիլի, Ռուսիոյ եւ Հնդկաստանի մէջ:
«Ասիկա իրապէս ժողովրդավարութեան առաջնորդող ներգործութիւն մը ունի եւ կը ստեղծէ փոփոխութիւն մը` շատ խոր մակարդակներու վրայ: Այս ձեւով կը թափանցենք չօգտագործուած տաղանդներու աշխարհը», կ՛ըսէ Քոլէ:
«Արհեստագիտութիւնը հասած է տեղ մը, ուր այլեւս կիրարկելի է ամէն տեղ: Պէտք չէ խտրականութեան ենթարկել ընկերութիւնը եւ որոշել, թէ ո՛վ կարողութիւնը ունի վճարելու` կրթութեան հասողութիւն ունենալու համար»:
Անցեալ շաբաթ «Պիլ եւ Մելինտա Կէյթ» հիմնադրամը յայտարարեց, թէ 1 միլիոն տոլար կը նուիրէ Մասաչուսեցի արհեստագիտական հիմնարկին, որպէսզի անիկա իր ետԷՔՍ-ի դասընթացքները բաժնէ ցած եկամուտով ուսանողներու սպասարկող քոլեճներու հետ: Ասիկա կը ստեղծէ մարտահրաւէր մը` բարձրորակ աղբիւրները հունաւորելու դէպի այնպիսի վայրեր, որոնք ամէնէն աւելի կարիքը ունին անոնց:
Անշուշտ միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են համացանցի վրայ դասընթացքներ եւ վկայականներ: Բրիտանիոյ Օփըն համալսարանը ռահվիրայ մըն է հեռակայ կրթութեան մէջ: Սթանֆորտ եւս զայն կը փորձարկէ երկար ժամանակէ ի վեր:
Միացեալ Նահանգներու տարածքին մեծ թիւով ուսանողներ ստացած են համացանցի ճամբով շնորհուած դասընթացքներ եւ վկայականներ, որոնք տրամադրուած են համալսարանական կառոյցներու մէջ դասընթացքներու հետեւելու կարելիութենէ զուրկ անձերու:
Սակայն ցարդ համացանցի վրայ կիրարկուած ծրագիրները կը հակադրուէին համալսարանական ընդունուած ուսուցումի ձեւին:
Դէպի Հաստատուած Եւ Ընդունուած Ձեւը
Հարվըրտի, Սթանֆորտի եւ Մասաչուսեցի արհեստագիտական հիմնարկին նման հսկաներու մուտքը դէպի համացանցի կրթութեան ոլորտ ինքնին կը նշանակէ, թէ համացանցի ճամբով փոխանցուած բարձր կրթութիւնը պիտի գտնէ միջին եզր մը:

Մոնրէալի մէջ ուսանողական բողոքի ցոյցեր. համալսարանական կրթութեան հետզհետէ մագլցող գիները դարձած են միջազգային հարց:
Ասիկա նաեւ այնպիսի զարգացում մըն է, որ կը զուգադիպի համացանցի վրայ բարձորակ տեսերիզներու, ինչպէս նաեւ` այՓետ-ի եւ սմարթֆոնի նման արհեստագիտական գործիքներու հետզհետէ ծաւալող հասողութեան:
Համացանցի վրայ արդէն գոյութիւն ունին կրթական նիւթերու հարուստ աղբիւրներ, ինչպէս` այԹիւնզ Եու: Այս աղբիւրները հետզհետէ կը ձեւաւորուին` աւելի լուրջ կառոյցի մը մէջ:
Սակայն նաեւ կը կատարուին զգուշացումներ` մարտահրաւէրները թերագնահատելու առնչութեամբ:
Օքսֆորտի համալսարանին համացանցի հիմնարկին մէջ համացանցի գիտութիւններու դասախօս Ուիլիըմ Տիւթոն կ՛ըսէ, թէ համալսարաններ շուրջ տասնամեակէ մը ի վեր կը փորձարկեն համացանցի ճամբով ուսուցումը, սակայն «տակաւին անիկա մարմին չէ ստացած»:
«Շատ աւելի դժուար է համացանցի ճամբով ուսում ջամբելը, քան` դէմ առ դէմ», կ՛ըսէ ան:
Տիւթոն դրական կը նկատէ Մասաչուսեցի արհեստագիտական հիմնարկին եւ Հարվըրտի նման հաստատութիւններու ի գործ դրած ճիգերը եւ գործակցութիւնը, սակայն ցարդ ոչ մէկը իրապէ՛ս գիտէ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է համացանցը լծել համալսարանական ամբողջական կրթութեան, կ՛ըսէ ան:
Բարոյական Նպատակ
Տիւթոն նաեւ կը զգուշացնէ, թէ երկու շատ հարուստ հաստատութիւններու կողմէ էտԷՔՍ-ի նախատիպին համար վճարուած գինը անմատչելի պիտի մնայ այլ համալսարաններու համար, որոնք պիտի չկարենան գոյացնել իրենց սեփական նախատիպերը ստեղծելու անհրաժեշտ գումարները:
Սակայն ձրի եւ բոլորին տրամադրելի կրթութեան գաղափարը ունի իր սեփական «բարոյական նպատակը», կ՛ըսէ Հոլանտայի մէջ Տելֆթի համալսարանին տնօրէնը` Անքա Մալտըր:
Մալտըր նախագահն է ՕփընՔորսՈւէր ընկերութեան, որ կը ջատագովէ համացանցի վրայ դասընթացքներ տրամադրելու ուղղութիւնը:
Բարձր կրթութեան պահանջը հետզհետէ կ՛աւելնայ բարգաւաճ եւ բարգաւաճող երկիրներուն մէջ, իսկ այս պահանջը «կարելի չէ բաւարարել` համալսարաններ կառուցելով», կ՛ըսէ Մալտըր:
Ան նաեւ կը վիճի այն սկեպտիկ մօտեցումին դէմ, թէ արդեօք կարելի՞ է դասընթացքներ ղեկավարել համացանցի վրայ, ինչպէս նաեւ` դասախօս-ուսանող փոխյարաբերութեան վերաբերող մտավախութիւններուն, եւ կ՛ըսէ, թէ ընկերային փոփոխուող սովորութիւնները արդէն յաղթած են այս բոլորին:
Համացանցի ճամբով խօսիլն ու իրարու միջեւ բաներ բաժնելը այլեւս երեւակայութեան ոստում մը չ՛ենթադրեր:
«Երիտասարդ սերունդին համար համացանցի եւ իրական կեանքի միջեւ վիհը աղօտ է», կ՛ըսէ ան:
Մատլըր կը նախատեսէ, որ մինչեւ 5 տարի համալսարաններուն մեծ մասը այս կամ այն ձեւով իր ծրագիրներուն մէջ պիտի ներառէ համացանցի ճամբով ուսուցումը:
«Բոլորին տրամադրելի եւ ձրի կրթութիւնը շարժում մըն է, որ պիտի չանհետանայ», կ՛եզրակացնէ ան:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
- 0 Comments
- 50 views
- Tweet
Email
Print




