50 Տարի Առաջ ( 25 Յունիս 1962 )
By adminx - Mon Jun 25, 5:31 am
- 0 Comments
- 26 views
- Tweet
Email
Print
Հայ Կեանք
Հայկազեանի Շրջանաւարտները
Պէյրութի Հայկազեան քոլեճի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի երեկոյ: Շրջանաւարտ եղան եւ վկայական ստացան հետեւեալ հայ ուսանողուհիներն ու ուսանողները.
Պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացան.
Ասանեթ Քրզենց, Յակոբ Կէօվճեհիզեան, Յակոբ Մախուլեան, Սեդրակ Թոփալեան:
Սոֆոմորը կ՛աւարտեն.
Անի Պալեան, Ալիս Տատրեան, Ալիս Տարագճեան, Մարի Տէր Պալեան, Թագուհի Ճերեճեան, Հելեն Տումանեան, Հռիփսիմէ Գափլանեան, Հայկանուշ Մարգարեան, Նելլի Թրփանճեան, Սեդա Թոգմագճեան, Ալիս Ոսկերիչեան, Հրայր Ակներեան, Ճորճ Աբէլեան, Մկրտիչ Պօղոսեան, Ասատուր Չոնկուրեան, Երուանդ Տարագճեան, Մարտիրոս Հերկելեան, Հրաչ Քեհքեճեան, Պետրոս Շեմմասեան եւ Ճոն Թիլքեան:
Վարդապետական Գաւազանի
Տուչութիւն
Կիրակի, 17 յունիս 1962, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, Ս. պատարագի արարողութեանց ընթացքին հաւատամքէն առաջ, տեղի ունեցաւ վարդապետական գաւազանի իշխանութեան տուչութիւն` ձեռամբ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի:
Պատարագիչն էր Մարսէյի հայոց հոգեւոր հովիւ Շահան քահանայ Տէտէեան:
Ձեռնադրեալներն էին` Տաթեւ աբղ. Սարգիսեան եւ Տրդատ աբղ. Քէշիշեան: Երկու տարի առաջ կուսակրօն աբեղայ ձեռնադրուած էին եւ պատրաստած ըլլալով իրենց վարդապետական աւարտաճառերը` վեհափառ հայրապետի կողմէ գնահատուած եւ արժանի դատուած էին վարդապետական գաւազանի իշխանութեան:
Առաջինը ընտրած էր Գրիգոր Տաթեւացի եւ Գիրի հարցմանց նիւթը:
Երկրորդը` Ներսէս Շնորհալիի «Ընդհանրական թուղթ»-ի ներածութիւնը, բացատրութիւնը եւ թարգմանութիւնը:
«Հայր մեր»-էն առաջ վեհափառ հայրապետը աւուր պատշաճի իր պատգամը տուաւ նուիրեալ երկու վարդապետներուն:
Կիրակի, 24 յունիս 1962, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ աբեղայական ձեռնադրութիւն: Ընծայարանի երեք ընթացաւարտներ աբեղայ պիտի ձեռնադրուին եւ պիտի ստանան վեղար:
Շարլ Ազնաւուրի Շարժանկարը
Ամերիկայի Մէջ
Նիւ Եորքէն կը գրեն.
Նիւ Եորքի մէջ բացառիկ յաջողութիւն ունեցաւ Շարլ Ազնաւուրի «Թումորօ իզ մայ թըռն» շարժանկարը` ստանալով շարժանկարի քննադատներու միաձայն գնահատանքը:
Ժապաւէնը նոյն խանդավառութիւնը գտաւ Ուաշինկթընի մէջ: «Ուաշինկթըն Փոսթ» զայն կը կոչէ Ֆրանսայի Սինաթրան:
«Ուաշինկթըն Փոսթ» կը գրէ. «Ան սկսաւ որպէս երգիչ, բայց այս շարժանկարին մէջ ան ցոյց կու տայ, թէ ինք տրամաթիկ դերասան մըն է»:
Այս խաղը ղեկավարուած է Անտրէ Քայաթի կողմէ, որ շահեցաւ Վենետիկի շարժանկարի փառատօնին մէջ առաջնութիւնը` Շարլ Ազնաւուրի խաղարկութեան համար:
Համբաւաւոր Հայ Մը
Վերջերս, Ֆրեզնօ ծնած եւ Լոնկ Ֆելօ բարձրագոյն դպրոցէն շրջանաւարտ Ր. Թաթարեան վերադարձաւ իր ծննդավայրը` իբրեւ գործադիր խմբագիր «Եունայթըտ Փրէս» անուն ամերիկեան լրատուական գործակալութեան, որուն միակ մրցակիցն է «Էսոսիէյշըն Փրես»-ը: Ան 45 տարեկան է եւ իրեն ձեռքին տակ կը գործեն 4000-ի չափ նշանաւոր լրագրողներ, աշխարհի ամէն կողմը: Միայն վերջին տարին իր պաշտօնին բերումով ճամբորդած է 25,000 մղոն:
Ըստ անոր պատմածին, նախագահ Քենետիի եռօրեայ պտոյտը Լատին Ամերիկայի մէջ իր ընկերութեան արժած է 45 հազար տոլար, անոր մասին եղած լուրերը ստանալու համար իր թղթակիցներէն: Տիկին Քենետիի Հնդկաստան այցելութեան լուրերուն համար ծախսուած է առնուազն 10 հազար տոլար, Ր. Թաթարեանին կարծիքով, հայերէն այբուբենի շատ մը ձայներ ունենալը կ՛օգնէ հայերուն օտար լեզուներ սորվելու դիւրութեան:
Ան հիմա հաստատուած է Նիւ Եորք:
Հայ Գիւտարարներ
Լիոնի 1962-ի Միջազգային ցուցահանդէսին առիթով ցուցահանդէս մը կազմակերպած էր նաեւ «Լիոնի գիւտարարներու եւ Ճարտարապետական արուեստագէտներու ընկերակցութիւնը»: Աւելի քան հարիւր պռեվթէ եղած մաքեթներու եւ նմուշներու կարգին, իրենց գիւտերը ցուցադրած են երկու հայեր,- «Էժէ հաստատութիւնը», որուն պատասխանատու-տնօրէնն է Ղազար Ղազարեան: Անոնց գիւտն է տիսք տը փոլիսաժ մը, որ կը յղկէ զանազան գործիքներ` առանց ջերմութիւն յառաջացնելու եւ առանց մաշեցնելու կերպասը: Գլխաւոր առաւելութիւնը. կարելի է փոխել սկաւառակը` գործածուելէ ետք:
Երկրորդ գիւտարարն է ինքնաշարժի վարիչ Արմենակ Մարտիրոսեան: Կը ներկայանայ երկու գիւտով, «Ֆրեն օթոմաթիք փուր օթոմոպիլ, օթոֆրենաժ» եւ «Փրոփիւլսեսը ա հելիս փիվոթանթ փուր պաթօ»:
Եղիշէ Չարենցի
Ամբողջական Գործերը
Տարաբախտ բանաստեղծին ամբողջական գործերը` վեց հատորով, լոյս պիտի տեսնեն 1962-1966 ընթացքին:
Առաջին չորս հատորներուն մէջ պիտի զետեղուին Չարենցի չափածոյ գործերը, թարգմանութիւնները: Հինգերորդը պիտի պարփակէ արձակ երկերը, իսկ վեցերորդը` գրական-հրապարակագրական յօդուածներ, գրախօսականներ, նամակներ եւ այլն:
Միսը, Իւղը Կը Սղին Եւ Ժողովուրդը
«Գոհունակութիւն» Կը Յայտնէ
Յունիս 1-ին տաւարին միսը միջին հաշուով 31 առ հարիւր, ոչխարին միսը` 34 առ հարիւր, խոզինը` 10 առ հարիւր եւ երշիկեղէնները` 31 առ հարիւր, ինչպէս նաեւ իւղը միջին հաշուով 25 առ հարիւր սղեցան Խորհրդային Միութեան մէջ:
«Սով. Հայաստան» (յունիս 1), որ հրատարակեց այս որոշումը, հաղորդեց Խորհրդային Միութեան նախարարներու խորհուրդին հրամանագիրը, որ ներկայացնելէ ետք յաւելումին պատճառը` «բարձրացնել կոլտնտեսութիւնների եւ սովխոզերի նիւթական շահագրգռուածութիւնը անասունների եւ թռչունների արտադրութիւնը եւ պետութեան յանձնելը», կը ճշդէ ամէն մէկ հանրապետութեան համար կառավարութեան սահմանած «գնման» գիները:
Այսպէս, Հայաստանի համար ճշդուած գիներն են. եղջիւրաւոր ողջ անասուններուն համար` 97 ռուբլի ամէն մէկ ցենտներին (հարիւր քիլօ): Մսոտ եւ ճարպոտ խոզերուն համար` 215-135 ռուբլի:
Ողջ հաւին եւ ճուտին քիլոն` մէկ ռուբլի քառասուն կոպեկ, սագինը` մէկ ռուբլի, բադինը` մէկ ռուբլի տասը կոպեկ եւ հնդկահաւինը` մէկ ռուբլի 60 կոպեկ: (ԽՄԲ.- Մէկ ռուբլին` 5 նոր ֆրանք):
Երկրորդ հրամանագրով մը կը հաղորդուի, թէ յունիս մէկէն սկսեալ հինգ առ հարիւր պիտի իջնէ շաքարին եւ քսան առ հարիւր արուեստական թելէ հիւսուածքներուն գիները:
Մսեղէնին, իւղին, սերուցքին գիներուն այս յաւելումը, սակայն, «գոհունակութեան» տրամադրութիւններ ստեղծած կը թուի ըլլալ, քանի որ Երեւանի թերթերը լեցուն են կուսակցութեան այս որոշումը «անհրաժեշտ միջոցառում» նկատողներով: Բոլոր ձեռնարկութիւններու «կոլեկտիւները մեծ հետաքրքրութեամբ ծանօթացած են» եւ որոշած են «ջերմօրէն արձագանգել հարազատ պարտիային»` աւելի շատ աշխատելով:
- 0 Comments
- 26 views
- Tweet
Email
Print



