Բագրատունի Կ՛անդրադառնայ Ազգային Երկխօսութեան Հարցին
By adminx - Sat Jun 23, 7:42 am
- 0 Comments
- 91 views
- Tweet
Email
Print
Եւրոպական խորհուրդը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն Լեհաստանի, Պուլկարիոյ եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարները, երէկ այցելեց խորհրդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանական արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ապտել Լաթիֆ Զէյնի եւ անդամներուն, որոնց կարգին` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ:
Յանուն պատուիրակութեան խօսք առաւ Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարար Նիքոլայ Մլատենով, որ բացատրելով իրենց առաքելութեան հետապնդած նպատակները ճշդեց, թէ պատուիրակութիւնը կը փափաքի տեղեկութիւններ ունենալ Ազգային երկխօսութեան ընթացքին շուրջ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի անդորրութեան, հաստատութեանց հզօրացման եւ ընկերային ու տնտեսական զարգացման միտող միջոցներ որոնել:
Հանդիպումի ընթացքին խօսք առնելով` երեսփոխան Բագրատունի իբրեւ մասնակից Ազգային երկխօսութեան խորհուրդին, լայնօրէն անդրադարձաւ երկխօսութեան կարեւորութեան եւ վերջին նիստի ընթացքին արձանագրուած դրական արդիւնքներուն` յիշեցնելով, որ յառաջիկայ երկուշաբթիի նիստը կրնայ որակական իմաստով նոր յառաջխաղացք մը եւս արձանագրել: Ան նշեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրի վերահաստատումը, զէնքի գործածութեան եւ դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգութեան մերժումը, գաղթականներուն մարդասիրական օժանդակութիւն տալու հաստատումը, պետական հիմնարկներու եւ նախ եւ առաջ բանակի զօրակցութիւնը եւ ամրապնդումը, Լիբանանի հիւսիսը մեկուսացուած շրջանի մը ստեղծման մերժումը եւ դրական չէզոքութեան որոշումը կեցուածքներ են, որոնց անդրադարձաւ ժողովը եւ համապատասխան որոշումներ հրապարակեց «Պաապտայի Յայտարարութիւն» անուան տակ, որ հանդարտութիւն եւ ապահովութիւն կը ներշնչէ ժողովուրդին:
Ապա, Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանանի օգնութեան ծիրին մէջ, Եւրոպական խորհուրդը պարտի ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ան իր ուժերը հեռացնէ լիբանանեան գրաւեալ հողամասերէն եւ դադրեցնէ իր թշնամութիւնները Լիբանանի դէմ:
Հանդիպում Հանրապետութեան Նախագահին Հետ
Երեսփոխան Բագրատունի հրաւիրուեցաւ նաեւ նախագահական պալատ, ուր տեսակցեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ: Նախագահը իր պատկերացումը ներկայացուց յառաջիկայ երկուշաբթի կայանալիք Ազգային երկխօսութեան նիստին մասին` ընդհանուր գիծերու մէջ տալով ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան քննարկման փորձաթուղթ մը: Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան քննարկումը կատարել համբերութեամբ, համապատասխան մասնագիտութեամբ ու մանաւանդ լռութեամբ ու հեռու քարոզչական աղմուկէ:
- 0 Comments
- 91 views
- Tweet
Email
Print



