Wednesday Jun 19, 2013

Ըստ Բրիտանիոյ Կառավարութեան Բանբերին «Սուրիական Քաղաքացիական Պատերազմի Շեմին Կը Գտնուինք Եւ Անանի Ծրագիրի Ձախողութեան Շատ Մօտ Ենք»

By adminx - Sat Jun 23, 7:23 am

Ռոզմերի Տէյվիս

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերով բանբեր Ռոզմերի Տէյվիս Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ պաղեստինցի լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին Սուրիոյ կացութեան նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնեց` վստահեցնելով, որ «սուրիական քաղաքացիական պատերազմի շեմին կը գտնուինք, եւ ներկայիս, Սուրիոյ մէջ դէտերու առաքելութեան աշխատանքին առկախումով միջազգային պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրի ձախողութեան շատ մօտ ենք, ինչպէս նաեւ շատ մտահոգ ենք սուրիական վարչակարգին ու այլ կողմերուն միջեւ ծրագիրի չգործադրուելուն առնչութեամբ»:

Ան նշեց, որ ներկայիս Բրիտանիոյ եւ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ անոր դաշնակիցներուն միջեւ Սուրիոյ կացութեան հարցով յառաջիկայ քայլերուն շուրջ խորհրդակցութիւններ կը կատարուին` նշելով, որ «Ապահովութեան խորհուրդին մէջ նոր քայլերու կամ միջազգային ժողով մը գումարելու շուրջ կարգ մը գաղափարներ գոյութիւն ունին»:

Բրիտանիոյ կառավարութեան բանբերը յայտնեց, որ Սուրիոյ կացութիւնը «շատ վտանգաւոր է եւ միջազգային ընտանիքը այդտեղի կացութեան վերաբերեալ լուծում մը գտնելու համար արագ պէտք է շարժի»:

Բրիտանիոյ արտաքին նախարար Ուիլիըմ Հէյկ իր կարգին յայտնեց, որ «չենք ուզեր Սուրիոյ ապագային պատասխանատուութիւնը կրել, որովհետեւ անիկա շատ վտանգաւոր է եւ եթէ կացութիւնը վատթարանայ չենք ուզեր Սուրիոյ մէջ որեւէ ընտրանք բացառել, ինչպէս նաեւ ներկայիս խաղաղ լուծում մը գտնելու դիւանագիտական ջանքեր կը թափենք: Սակայն սուրիական վարչակարգը առայժմ որեւէ դիւանագիտական նախաձեռնութիւն, ներառեալ, Անանի ծրագիրը կը մերժէ»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը հաղորդեց, որ Ասատի վարչակարգէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը Իսրայէլին ապահովական կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցած է: Ան այդ տեղեկութիւնը հրեայի մը միջոցով փոխանցած է իսրայէլեան ապահովական համակարգին մէջ նախապէս գործած պաշտօնատարի մը:

Կայանը կը հաղորդէ, որ տեղեկութիւններուն շարքին է այն տեղեկութիւնը, թէ Իրան սուրիական վարչակարգին երկու երկիրներուն միջեւ ծովային եւ ցամաքային միջանցքներու միջոցով գերարդիական զէնքեր փոխանցած է: Ըստ կայանին, սուրիացի պաշտօնատարը կը սպասէ, որ Իսրայէլ իրեն հետ կապի մէջ մտնէ, որպէսզի ապահովական այլ տեղեկութիւններ փոխանցէ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի նշեալ կայանը նախապէս հաղորդած էր, որ Ուաշինկթընի, Փարիզի եւ Պրիւքսելի մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի պատուիրակներուն եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակին միջեւ տեղի ունեցած են գաղտնի հանդիպումներ, որոնց հիմամբ իսրայէլեան իշխանութիւնները սուրիական ներկայ վարչակարգը իշխանութեան վրայ պահելու որոշում տուած են, այդ մէկը նկատելով «Իսրայէլի ռազմավարական շահը»:

Միւս կողմէ, Ֆրանսա երէկ սուրիացի զինուորականներուն կոչ ուղղեց վարչակարգէն անջատուելու: Նշենք, որ Ուաշինկթըն հինգշաբթի օր ողջունեց «Միկ-21» վարող սուրիացի օդաչուին վարչակարգէն անջատումը եւ յայտնեց, որ այդպիսի այլ դէպքեր ալ տեղի պիտի ունենան:

 

Leave a Reply

Advertisement