Երեւանի Պատմութեան Թանգարանին Մէջ. Լիբանանահայ Քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանի Քանդակներու Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում
By adminx - Sat Jun 23, 7:17 am
- 0 Comments
- 122 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Լիբանանի հայ համայնքի օրերը Հայաստանի մէջ ծրագիրի շրջանակներուն մէջ, Երեւանի պատմութեան թանգարանի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ տաղանդաշատ քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանի քանդակներու անհատական ցուցահանդէսի բացումը:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Վանօ Վարդանեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, անուանի քանդակագործներ, ճարտարապետներ եւ պաշտօնատար անձեր:
Ներկաները ողջունեց եւ ցուցահանդէսին բացումը ազդարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: «Զաւէն Խտըշեանի անունը շատ յայտնի է Միջին Արեւելքի, Ֆրանսայի եւ այլ հայ համայնքներու մէջ, սակայն ան առաջին անգամն է, որ կը գտնուի Հայաստանի մէջ եւ հանդէս կու գայ ցուցահանդէսով», նշեց Հ. Յակոբեան:
Նախարար Յակոբեան Զաւէն Խտըշեանը պարգեւատրեց սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» մետալով` կերպարուեստի, գեղանկարչութեան եւ քանդակագործութեան արուեստը տարածելու, այդ մարզին մէջ ստեղծագործական յաջողութիւններ ունենալու, սփիւռքի մէջ հայկական արուեստը տարածելու եւ ճանաչելի դարձնելու, ինչպէս նաեւ իր ստեղծագործական գործունէութեամբ Հայաստան – սփիւռք համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ ներդրում ունենալու համար:
- 0 Comments
- 122 views
- Tweet
Email
Print




