Thursday May 23, 2013

Սոլիտերի Շրջանին Մէջ «Նոազ Արք» Արուեստի Հիմնարկի Երկրորդ Ցուցասրահի Բացում

By adminx - Sat Jun 23, 7:15 am

Երէկ` ուրբաթ, 22 յունիսի երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Նոազ Արք» արուեստի հիմնարկի երկրորդ ցուցասրահի բացումը Սոլիտերի սահմաններուն մէջ` պուլվար Շարլ Հըլու: Իր բացման խօսքին մէջ, Հերակ Հերկելեան ներկայացնելէ ետք արուեստագէտները (Վահրամ Դաւթեան եւ Վահան Ռումելեան), շնորհակալութիւն յայտնեց Շեքերճեան ընտանիքին եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներուն, որոնք սատարեցին այս ցուցասրահի բացման: Ապա ան բեմ հրաւիրեց Լիբանանի խմբագիրներու սենտիքայի նորընտիր նախագահ Էլիաս Աունը` իր սրտի խօսքը փոխանցելու համար ներկաներուն: Վերջինս խօսելէ ետք խմբագիրներու սենտիքայի նախկին նախագահ Մըլհեմ Քարամի, իր եւ առհասարակ մամլոյ համադաշնակցութեան եւ «Նոազ Արք» ցուցասրահին հետ տարիներու պատմութիւն ունեցող սերտ կապի մասին, դրուատական խօսքեր ուղղեց իր պաշտօնակից արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեանին հասցէին, որ աշխարհի մէջ կը ներկայացնէ թէ՛ հայ եւ թէ՛ լիբանանցի կերպարուեստագէտները, ու բարձր կը պահէ Հայաստանի եւ Լիբանանի անունը միաժամանակ:

Ցուցադրութեան դրուած են 32 ստեղծագործութիւններ, 10 Վահրամ Դաւթեանի վերջին ստեղծագործութիւններէն, 10 Վահան Ռումելեանի վերացապաշտ գործերէն, 5 պրոնզէ քանդակ ֆրանսացի քանդակագործ Փաթրիք Ռընոյէն, 4 կիսաթանկագին քարերով իրագործուած քանդակներ Ա. Արթուրէն եւ 3 կարծր քարէ իրագործուած քանդակներ Ռոպերթօ Մ.-էն: Վերջին երկու քանդակագործները հայրենի տաղանդաւոր կերպարուեստագէտներ են, որոնք քիչ կը ստեղծագործեն, որովհետեւ կ՛աշխատին դժուար յղկուող քարերու վրայ: Իսկ ինչ կը վերաբերի գեղանկարիչներուն, անոնք երկուքն ալ արդէն իսկ միջազգայնօրէն ճանչցուած եւ գնահատուած գեղանկարիչներ են: Առաջինը իր երկրորդ միջազգային բարձր գնահատականը ստացաւ վերջերս ապրիլ ամսուն` Մոնաքոյի մէջ կայացած «Արթ Մոնաքօ 12» միջազգային ցուցահանդէսի ընթացքին, անոր շնորհուեցաւ «Փրի տ՛Էկզելանս-նուվել Տիմենսիոն» մրցանակը` իբրեւ միջազգային արուեստի մէջ թարմութիւն բերող` «Ապսիւրտ Սիւրրէալիզմ»-ի հիմնադիրներէն մէկը: Իսկ Վահան Ռումելեան նոյնպէս փնտռուած արուեստագէտ մըն է միջազգային հաւաքորդներու եւ արուեստասէրներու մօտ, վկայ` «Տանիել Ֆրանսուա Միթերան» եւ «Տեմլըր Քրայզլըր» արուեստի միջազգային հաւաքածոները, որոնք այլ աշխարհահռչակ գեղանկարիչներու կողքին կը ցուցադրեն նաեւ Վահան Ռումելեանի կարգ մը գործերը:

Այսօր եւ վաղը` կիրակի, ցուցասրահը բաց է արուեստասէր հանրութեան առջեւ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00: Իսկ երկուշաբթի, 25 յունիսէն սկսեալ, ցուցասրահը կարելի է այցելել միայն ժամադրութեամբ:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement