Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Թատերական Միաւորին Եւ «Բագին» Հանդէսին` «Զանզալախդ»-Ի Քննարկումը Կը Վերարծարծէ Լիբանանահայ Թատրոնի Խոցերն Ու Հոգերը
By adminx - Sat Jun 23, 7:14 am
- 0 Comments
- 52 views
- Tweet
Email
Print
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերական միաւորին եւ «Բագին» գրական հանդէսին հինգշաբթի, 21 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ «Զանզալախդ» թատերախաղի քննարկումը` Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ:
Վաստակաւոր բեմադրիչներու, դերասաններու, մտաւորականներու եւ թատերասէր հանրութեան ներկայութեան կայացած այս քննարկումը առիթ եղաւ արծարծելու հայ թատրոնի եւ յատկապէս` լիբանանահայ թատրոնի անցեալ թէ ներկայ իրավիճակին առնչուող հարցեր, մտահոգութիւններ, մարտահրաւէրներ թէ առաջարկներ:
Այս առիթով խօսք առնելու հրաւիրուած էին «Զանզալախդ» թատերախաղի բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան եւ թատրոնի հաւատաւոր ու խոստմնալից երիտասարդներէն Վարդան Ազնաւուրեան: Ձեռնարկին զրուցավարն էր արաբական գրականութեան ու թատրոնին քաջատեղեակ եւ մօտէն ծանօթ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեան: Բացման խօսքը կատարեց Համազգայինի «Բագին» գրական հանդէսի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեան, որ ողջունելով ներկաները ներկայացուց օրուան զրոյց-քննարկումի նիւթը` գոհունակութիւն յայտնելով, որ նման հանդիպում մը կը յիշեցնէ Համազգայինի երբեմնի, յատկապէս` Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի գրական երեկոները, ուր տիրական էր Համազգայինի վաստակաւոր մշակներէն Գրիգոր Շահինեանի, Բաբգէն Փափազեանի, Վարուժան Խտըշեանի ու անոնց նմաններուն ազգաշունչ մթնոլորտը:
Ապա խօսք առաւ զրուցավար Սարգիս Կիրակոսեան, որ ներկայացուց արաբ ծանօթ մտաւորական Իսամ Մահֆուզի «Զանզալախդ» թատերախաղի «ծննդոց»-ին, ստեղծման եւ թատերական ներկայացման պայմանները: Արաբական ու լիբանանեան գրականութեան հանրածանօթ դէմքերէն բանաստեղծ Ունսի Հաժին վերագրելով իր տեղեկութիւնները` Կիրակոսեան յայտնեց, որ գրող Իսամ Մահֆուզ լիբանանեան «Նահար» օրաթերթին կողմէ կը գործուղուի Լիբանանի ծանօթ խենթանոցը` «Ասֆուրիէ»-ն, այդ մասին թղթակցութիւն պատրաստելու համար: Սակայն Մահֆուզ թղթակցութիւնը հրատարակելէ ետք կը շարունակէ այցելել նշեալ խենթանոցը եւ խենթերը խօսեցնելով իր տպաւորութիւնները կ՛արտացոլէ «Զանզալախդ» թատերախաղին մէջ: «Զանզալախդ»-ը ունի քաղաքական դիմանկարներով բովանդակութիւն, եւ այդ դիմանկարները 1960-ական թուականներու արաբական աշխարհը կը ներկայացնեն: Օրին թատերախաղը մերժուած է մէկէ աւելի բեմադրիչներու կողմէ, հիմնականին մէջ` լեզուական պատճառներով:
Այս առիթով խօսք առին նաեւ բեմադրիչներ Արա Արծրունի, Վազգէն Մուղալեան, Վարդան Մկրտիչեան եւ ուրիշներ: Արծարծուեցան առհասարակ լիբանանահայ թատրոնի, եւ յատկապէս` «Զանզալախդ»-ի թատերական բեմադրութեան մասին թեր ու դէմ կարծիքներ: Արծարծուեցան գործածուած լեզուին եւ անոր քերականական ոճին բիւրեղացման անհրաժեշտութիւնը, մամուլի դերը քարոզչութեան ու հանրային կարծիքի նախապատրաստութեան իմաստով: Ներկաներէն ոմանք «յանդգնութիւն», ուրիշներ «արկածախնդրութիւն» որակեցին բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի այս նախաձեռնութիւնը: Եղան հարցադրումներ` նկատուած «թերացում»-ներու թէ «բացթողում»-ներու գծով, ինչպէս` իգական սեռին բացակայութինը այս թատերախաղի կազմէն: Այլ խօսքով` «Զանզալախդ»-ի քննարկումը առիթ մը եղաւ խթանելու ներկաները, որ վերյիշեն ու արծարծեն լիբանանահայ թատրոնի անցեալի թէ ներկայի խոցերն ու մտահոգութիւնները, դիմակալած մարտահրաւէրները եւ այլն: Խօսք առաւ նաեւ «Զանզալախդ»-ի` յատուկ այս թատերախաղի արաբերէնէն հայերէնի թարգմանիչ, թատրոնի երիտասարդ տաղանդաւոր ու խոստմնալից ուժերէն Հրակ Տեմիրճեան, որ իր անդրանիկ այս փորձառութենէն մեկնելով ըսաւ, թէ ինչպիսի՜ հաճոյքով թարգմանած է թատերախաղը` փորձելով պահել հեղինակին գործածած լեզուին եւ ոճին հարազատութիւնը: Իր կարգին, բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան խօսեցաւ այս թատերախաղի իր ընտրութեան դրդապատճառներուն եւ նպատակին մասին` շեշտելով, որ իր թիրախը հայկականի կողքին նաեւ արաբ հանդիսատեսն էր` փորձելով ներգրաւել զայն եւ ցոյց տալ, թէ լիբանանահայ թատրոնը հայկականի եւ միջազգայինի կողքին հետաքրքրուած է նաեւ արաբական թատերախաղերով: Տէր Ղուկասեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ որոշ չափով յաջողած էր իր նպատակին ու առաքելութեան մէջ, յատկապէս որ արաբ լիբանանցի թատերասէրներ եւ մանաւանդ իր աշակերտներէն ոմանք ներկայ եղած են թատերախաղը դիտելու: Ան յիշեց, որ այս թատերախաղը նախապէս ալ ներկայացուած է հանրածանօթ բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանի կողմէ: Համազգայինի երաժշտանոցի տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեան իր կարգին գնահատեց Տէր Ղուկասեանի այս նախաձեռնութիւնը` շեշտը դնելով հասարակութեան ու միջավայրի համապատասխան պատրաստակամութեան վրայ: «Որեւէ արուեստ պէտք է մտածելու մղէ», նշեց ան` բնորոշելով ընտրանի արուեստը շուկայական արուեստէն: «Բագին»-ի խմբագիր, մտաւորական Յակոբ Պալեան անդրադարձաւ մամուլի դերակատարութեան եւ հանրային կարծիքի նախապատրաստութեան անհրաժեշտութեան: Լիբանանահայ ծանօթ թատերագիր Արա Արծրունի նմանապէս դրուատիքով արտայայտուեցաւ, «յատկապէս գաղութի ներկայ պայմաններուն մէջ, ուր շատ դժուար է նման գործ իրագործել»: Ան յիշեց, թէ ինչպէս օրին «Ոսկի Աքաղաղը» բեմադրուած է 45 անգամ եւ մամուլը մեկնաբանութիւններով կ՛անդրադառնար` նախքան թատերախաղի ներկայացումը հանրութեան: Նմանապէս, բեմադրիչ Վազգէն Մուղալեան բարձր գնահատեց Յակոբ Տէր Ղուկասեանի այս նախաձեռնութիւնը, յատկապէս նիւթի իր ընտրութեան գծով: Բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեան եւս կատարեց որոշ մատնանշումներ` փոխանցելով իր տեսակէտները լիբանանահայ թատրոնին մասին:
Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած այս զրոյց քննարկումին, Սարգիս Կիրակոսեան, Սեդա Գրիգորեան, ինչպէս նաեւ բեմադրիչներ Յակոբ Տէր Ղուկասեան ու Վարդան Ազնաւուրեան պատասխանեցին ներկաներու հարցադրումներուն:
- 0 Comments
- 52 views
- Tweet
Email
Print




