Tuesday May 21, 2013

Անհետացող Հիներէն Մէկը` Ընկեր Եղիշը

By adminx - Sat Jun 23, 5:42 am

Կարօ Շամլեան անունով քիչերը կը ճանչնային զայն: Աւելի ծանօթ եղած էր իբրեւ ընկեր Եղիշ: Երբ մահացաւ քառասուն օրեր առաջ, վաղ առաւօտ մը, իր հին ընկերներէն ոմանք տեղեակ իսկ չեղան: Անշուք ու համեստ յուղարկաւորութիւն ունեցաւ ընկ. Եղիշ, եւ եթէ չըլլային դագաղին վրայ դրուած Դաշնակցութեան դրօշը ու թաղումէն ետք «Վէրքերով լի» երգը, պիտի չանդրադառնայինք, որ հողին կը յանձնենք, ինչպէս յաճախ աժանօրէն կ՛որակենք, «հաւատաւոր դաշնակցական մը»:

Հին սերունդի տերեւաթափը կը շարունակուի, անցած ու մոռցուած ժամանակներու վկաները կը հեռանան: Այն ժամանակները, որոնց «Ազդակ» պարբերաբար կ՛անդրադառնայ իր 85 ամեակին ոգեկոչման ընդմէջէն, դաժան հանգրուան մըն էին, վերապրումի, տեղաւորման, ինքնահաստատման տարիներ, միաժամանակ` հայապահպան տեսլականի, կորսուած հողն ու տունը ոգեկան հայրենիքով փոխարինելու, գաղափարական աննահանջ պայքարի, յոյսի եւ հաւատքի տարիներ:

Այդ մթնոլորտին մէջ հասակ առին, հազիւ նախնական ուսում ստացան ընկեր Եղիշն ու իր հասակակիցները: Իրենց անկատար կրթութիւնը ամբողջացուցին միութենական ու կուսակցական ժողովներու ճամբով ու դարձան գաղափարական զինուորներ: Յանդուգն ու քաջ, քիչ մը խենթ կոչուելու չափ խիզախ այդ տղաքը աճեցան Պուրճ Համուտի փոշոտ ու ցեխոտ փողոցներուն մէջ, կառուցեցին, աշխատեցան, տքնեցան ու պայքարեցան եւ ամրացուցին մեր ներկայի յարաբերաբար բարեկեցիկ կեանքին հիմերը:

Ընկեր Եղիշ պաշտօններ ալ ունեցաւ. կոմիտէի անդամ ու հերթապահ եղաւ, ղեկավար դարձաւ: Բայց միշտ մնաց, բոցավառ երիտասարդութեան թէ խոնջած ծերութեան օրերուն, երիտասարդներու նուիրումով սքանչացող, Դաշնակցութեան յաղթանակներով փառաւորուող երէց ընկերը:

«Ես շատ կը հաւնիմ կոր այս տղաքը», հպարտօրէն կը կրկնէր ընկ. Եղիշ, լիբանանեան պատերազմի օրերուն դիտելով իրենց պարտականութեան ամուր կառչած երիտասարդները: Երջանիկ էր ան, որ նորեր եկած են, ու իրեն նման խիզախ եւ յանդուգն` պայքարի դրօշը բարձր բռնած են ու մեծերուն կ՛ըսեն. «Դուք հանգիստ մնացէք, մենք այստեղ ենք ու պիտի մնանք մինչեւ վերջ»:

Ընկեր Եղիշի յուղարկաւորութեան օրը, քաղաքացիական պատերազմի օրերու երիտասարդներէն մէկը, երբ կ՛ոգեկոչէինք Արագածի շրջանի պաշտպանութեան դժուար բայց ոգեւորիչ օրերը, կը վստահեցնէր, որ պատճառ չունինք մտահոգուելու, որովհետեւ ոչինչ փոխուած է. մարդերը ուրիշ են, ոգին` միեւնոյնը. ընկեր Եղիշ կրնար ուրեմն անդենականէն բացագանչել.

«Ահա հանգիստ հող կը մտնեմ»,

«Յոյսս դուք էք ընկերներ»:

Կեանքի ու մահուան անյեղլի օրէնքով, դժուար ժամանակներուն գաղափարով սնած, ինքնամոռաց ու ամբողջական նուիրումով կրակներու մէջ նետուող սերունդը կ՛անհետանայ: Չմոռնանք զանոնք ու կենդանի պահենք դաշնակցական մարդու իտէալական անտարազելի ոգին, որ պարզ մարդերէն իրենց ժողովուրդին ծառայութեան լծուած խոնարհ գործիչներ կը կերտէ, եւ որոնք երբեմն խենթ, երբեմն ալ իմաստուն` մեր սփիւռքահայու կեանքին համ ու հոտ կը ներարկեն:

Տ. Ճ.

Leave a Reply

Advertisement