Saturday May 25, 2013

Կառավարութեան Գործունէութեան Ծրագիրը Ընդունուեցաւ Ազգային Ժողովին Կողմէ

By adminx - Fri Jun 22, 7:50 am

Հայաստանի 5-րդ գումարման Ազգային ժողովը երէկ 75 կողմ, 47 դէմ եւ 1 ձեռնպահ քուէներով հաւանութեան արժանացուց Հայաստանի կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրը:

Ինչպէս եւ կը սպասուէր, ծրագրին կողմ քուէարկեցին Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը, իսկ խորհրդարանական միւս ուժերը` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, Հայ ագային քոնկրեսը, ՀՅԴ-ն եւ Ժառանգութիւնը դէմ քուէարկեցին:

Մինչ քուէարկութիւնը եզրափակիչ ելոյթով հանդէս եկաւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան: Վերջինս նշեց, որ նախանցեալ օրուընէ տրուող գնահատականները անձնական բնոյթի են, եւ կոչ ուղղեց, որ վարչապետի անձի հասցէին չուղղուին վարկաբեկող գնահատականներ:

«Մենք պատրաստ ենք աշխատել բոլորի հետ: Եթէ կան առաջարկներ, մենք պատրաստ ենք նստել եւ քննարկումներ անել: Ազգային ժողովում նման քննարկումներից շահելու է միայն մեր հասարակութիւնը», ըսաւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:

Մինչ քուէարկութիւնը ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, որ կոչ ուղղեց բոլորին կողմ քուէարկելու կառավարութեան ծրագիրին, եւ որ այդ ծրագիրին շնորհիւ կարելի է հասնիլ լրջագոյն բարեփոխումներու:

Leave a Reply

Advertisement