Մինասեան. «Կառավարութեան Ծրագիրը Մշակուած Է Դրամատնային Հոգեբանութեամբ»
By adminx - Fri Jun 22, 7:47 am
- 0 Comments
- 37 views
- Tweet
Email
Print
ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան կառավարութեան ծրագիրին մասին իր ելոյթին ընթացքին յայտնեց, որ ատիկա կազմուած է դրամատնային հոգեբանութեամբ, եւ ըստ անոր` իբրեւ արդիւնք ատիկա չի կրնար արդիւնաւէտ ըլլալ: Ըստ Մինասեանի, այդ ծրագիրը կարելի է կոչել մէկ նախադասութեամբ. «Լաւ պիտի ըլլայ»:
Ան նշեց, որ 270 հազարէն աւելի գործազուրկ կայ Հայաստանի մէջ, մինչդեռ` կառավարութիւնը կը խոստանայ ստեղծել 100 հազար աշխատատեղեր: Ըստ Մինասեանի, այս ծրագիրին մէջ կան նաեւ դրական կէտեր, դրական ուղղութիւններ: «Բայց քանի որ ծրագիը ստեղծուած չէ մարտահրաւէրներուն համարժէք, պէտք է տեսնենք, որ կրնանք նուազագոյն գործողութիւնները իրականացնել: Պէտք է հիասթափեցնեմ, որ ոչ, կարելի չէ, իսկ պատճառը այն քաղաքական համակարգն է, որ առկայ է Հայաստանի մէջ»,ըսաւ ան:
- 0 Comments
- 37 views
- Tweet
Email
Print




