Sunday May 19, 2013

Էրտողան Եւ Հոլլանտ Թուրք-Ֆրանսական Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր Էջ Բանալու Մասին Խօսած Են

By adminx - Fri Jun 22, 7:46 am

Էրտողան եւ Հոլլանտ

Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ: Հանդիպումը տեղի ունեցած է Պրազիլի մէջ տեղի ունեցած «Ռիօ 20» վեհաժողովի ընթացքին: Շուրջ կէս ժամ տեւած հանդիպումին մասնակցած  են նաեւ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Ալի Պապաճան եւ քանի մը նախարարներ:

Թրքական լրատուամիջոցները կը նշեն, որ հանդիպումը կարեւոր էր «Սարքոզիի օրերուն յառաջ քշուած Ցեղասպանութեան քրէականացման օրինագիծին պատճառով գրեթէ վերացած երկկողմանի յարաբերութիւնները վերսկսելու տեսանկիւնէն»:

Երկու ղեկավարները նշած են, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները դժուար հանգրուանէ անցած են, եւ այժմ անհրաժեշտ է յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ բանալ եւ խորացնել յարաբերութիւնները թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցերուն մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկկողմ յարաբերութիւններն ու շրջանային խնդիրներուն առնչուող հարցեր: Էրտողան Հոլլանտին յիշեցուցած է, որ քսան տարիէ ի վեր Ֆրանսայի ոչ մէկ նախագահ Թուրքիա այցելած է, եւ զինք Անգարա հրաւիրած է: Հոլլանտ Էրտողանի հրաւէրը դրական ընկալած է:

 

Leave a Reply

Advertisement