Thursday May 23, 2013

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Համաշխարհային Դրամատան Պատուիրակութիւնը

By adminx - Fri Jun 22, 7:43 am

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Համաշխարհային դրամատան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ շրջանի Հարաւային Կովկասի երկիրներու նախարարութեան շրջանային տնօրէն Ասատ Ալամը` պաշտօնավարման ժամկէտի աւարտին առիթով եւ այդ պաշտօնին համար անոր փոխարինող` շրջանային նոր տնօրէն Հենրի Քերալին:

Զրուցակիցները բարձր գնահատեցին Հայաստանի եւ Համաշխարհային դրամատան միջեւ համագործակցութիւնը` գոհունակութեամբ խօսելով բազմաթիւ մարզերու մէջ իրականացուած ծրագիրներու արդիւնքներուն մասին:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց դրամատան` այսպիսի համագործակցութեան եւ Հայաստանի մէջ իրականացուող ընկերային-տնտեսական բարեփոխումներուն հետեւողական աջակցութեան համար, ընդգծելով յատկապէս համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքներու յաղթահարման գործին մէջ Հայաստանի ցուցաբերուած օժանդակութիւնը: Ըստ նախագահին, ատիկա աւելի ամրապնդեց եւ ընդլայնեց Հայաստանի եւ Համաշխարհային դրամատան գործընկերային յարաբերութիւնները: Նախագահ Սերժ Սարգսեան այդ յարաբերութիւններու խորացման եւ փոխադարձ գործակցութեան զարգացման գործին մէջ բարձր գնահատեց Համաշխարհային դրամատան շրջանային տնօրէն Ասատ Ալամի անձնական ներդրումը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր հետագայ աշխատանքին մէջ:

Նախագահը շնորհաւորեց շրջանային նոր նշանակուած տնօրէն Հենրի Քերալին եւ յոյս յայտնեց, որ Հայաստան այցելութեան ընթացքին ան կարելիութիւն պիտի ունենայ ծանօթանալու հոն իրականացուող ծրագիրներուն եւ երկրի զարգացման կարելիութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն` նոր պաշտօնին մէջ նպաստելով Համաշխարհային դրամատան հետ Հայաստանի շարունակական համագործակցութեան:

Հենրի Քերալի վստահեցուց, որ Համաշխարհային դրամատունը Երեւանի մէջ ունի կարող ու լաւ խումբ, որուն աջակցութեամբ պիտի շարունակէ զարգացնել եւ ամրապնդել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան առաջնահերթութիւններուն եւ անոնց ծիրին մէջ Համաշխարհային դրամատան հետ յառաջիկայ համագործակցութեան:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement