Օպամա 13 Կէտերով Կը Գերազանցէ Ռոմնին
By adminx - Fri Jun 22, 7:24 am
- 0 Comments
- 32 views
- Tweet
Email
Print
«Պլումպըրկ» գործակալութեան 15-18 յունիսին կատարած համազգային հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Պարաք Օպամայի վարկանիշը 13 կէտերով կը գերազանցէ իր մրցակից նախագահութեան հանրապետական թեկնածու Միթ Ռոմնիի վարկանիշը:
Հարցախոյզի արդիւնքները կը վկայեն, որ Օպամա կը վայելէ քուէարկողներուն 53 առ հարիւրին զօրակցութիւնը, իսկ Ռոմնին` 40 առ հարիւրինը: Ռոմնիի զօրակցողներուն միայն մէկ երրորդը ընդունած է, որ իր նախընտրած թեկնածուն ի վիճակի է լուծելու թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին քաղաքականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները: Մինչդեռ Օպամայի պարագային այդ կարծիքը նշած են անոր զօրակցող 53 առ հարիւրի ճնշող մեծամասնութիւնը:
«Պլումպըրկ»-ի կատարած հարցախոյզը մինչեւ օրս միակն է, որուն մէջ գործող նախագահի վարկանիշը այսքան բարձր է: Նախապէս կատարուած հարցախոյզները ցոյց կու տային, որ Օպամա իր մրցակիցը կը գերազանցէ ընդամէնը 2.2-էն 3 կէտերով:
- 0 Comments
- 32 views
- Tweet
Email
Print



