Tuesday May 21, 2013

Լիպիական Դիպաշարը Յիշեցնող Զարգացումով Մը. Սուրիացի Օդաչու Մը Յորդանան Էջք Կատարելով Քաղաքական Ապաստան Խնդրեց

By adminx - Fri Jun 22, 7:23 am

Լիպիական դիպաշարը յիշեցնող զարգացումով մը, երէկ սուրիացի օդաչու մը իր «Միկ-21» օդանաւով Յորդանան էջք կատարելով քաղաքական ապաստանի իրաւունք պահանջեց:

Երէկ կէսօրին սուրիական պաշտօնական աղբիւր մը սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ գնդ. Հասան Մըրհի Համատէի վարած «Միկ-21» պատերազմական օդանաւին հետ կապը կորսուած է, երբ Սուրիոյ հարաւային սահմաններուն մօտ մարզումի թռիչք կը կատարէր: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը սուրիացի գործիչներ վկայակոչելով հաղորդեց, որ գնդապետը դէպի Յորդանան փախուստ տուած է: Յորդանանեան «Ամուն» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ նշեալ օդանաւը էջք կատարած է հիւսիսային Յորդանանի «Մալեք Հիւսէյն» զինուորական օդակայան, ապա Յորդանանի տեղեկատուութեան նախարար Սամիհ Մուհայթէ յայտնեց, որ սուրիական «Միկ-21»-ի օդաչուն Յորդանան էջք կատարելով քաղաքական ապաստան խնդրած է: «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ սուրիական իշխանութենէն անջատուած օդաչուն հրաման ստացած է հարաւային Սուրիոյ մէջ բնակելի վայրեր ռմբակոծելու, սակայն մերժած է հրամանին ենթարկուիլ եւ Յորդանան փախուստ տուած է:

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, որ նշեալ օդաչուն դաւաճան մըն է, որ պիտի պատժուի: Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ յորդանանեան կողմին հետ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան` «Միկ-21»-ին վերատիրանալու համար:

Ռուսական «Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ հաղորդագրութիւնը վկայակոչելով հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ահմետ պըն Հըլլիի հետ ունեցած խորհրդակցութեանց ընթացքին կոչ ուղղած է` աշխուժացնելու ջանքերը պատրաստելու համար Սուրիոյ մէջ Անանի ծրագիրը գործադրելու ազդու մեքանիզմ մը, որ կ՛արտօնէ սուրիական տագնապէն դուրս գալու այնպիսի ձեւ մը, որ սուրիացիներուն կ՛արտօնէ իրենց ճակատագիրը ճշդել կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ քաղաքական երկխօսութեան մը ծիրին մէջ:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերֆելէ յայտնեց, որ Ռուսիոյ կեցուածքին փոփոխութիւնը առիթ մը պիտի ըլլայ սուրիական վարչակարգին դէմ միջազգային միջոցառումներ որդեգրելու: Ան ողջունեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ հրապարակուած այն լուսաբանումը, թէ Ռուսիա ինքզինք սուրիական վարչակարգին պահապանը չի նկատեր: Գերմանական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ Գերմանիա Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան քննարկումներու չի մասնակցիր եւ գերմանական կառավարութիւնը համոզուած է, որ քաղաքական լուծումը Սուրիոյ համար կենսական է «եւ տակաւին առիթ կայ, նոյնիսկ եթէ կացութիւնը դժուար է»:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցողը «ողբերգութիւն» է, իսկ անոր դարմանը պէտք է միջազգային հաւանութեան արժանանայ: Ան նշեց, որ տակաւին չէ ճշդուած, թէ շրջանային ո՛ր երկիրները պիտի մասնակցին Ժընեւի մէջ Սուրիոյ հարցով կապի խմբակի ժողովին` աւելցնելով, որ «այդ ժողովը Սուրիոյ հարցով միջազգային պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրին ապագան պիտի որոշէ»:

Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի պաշտօնատարներու փոքրաթիւ խմբակ մը «գաղտնաբար հարաւային Թուրքիոյ մէջ կը գործէ»` սուրիական ընդդիմութեան մարտիկները զինելու որոշումին մէջ Ուաշինկթընի դաշնակիցներուն օժանդակելու համար: Օրաթերթը կը նշէ, որ նշեալ զէնքերը, որոնց գինը Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը կը վճարեն, թրքական սահմաններուն ճամբով միջնորդներու, ներառեալ` Իսլամ եղբայրներուն միջոցով Սուրիա կը մաքսանենգուին: Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը օրաթերթին յայտնած է, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի պաշտօնատարները «քանի մը շաբաթէ ի վեր հարաւային Թուրքիոյ մէջ կը գտնուին եւ աշխատանք կը տանին, որ զէնքերը Քայիտայի կամ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու դաշնակից մարտիկներու ձեռքը չանցնին»:

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Բրիտանիա կը պատրաստուին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի «անվտանգ փոխանցում եւ մինչեւ իսկ ներում» առաջարկել, եթէ ան համաձայնի «միանալ Սուրիոյ շուրջ խաղաղ բանակցութիւններուն»: Բրիտանացի պաշտօնատար մը օրաթերթին յայտնած է, որ Ասատ կրնայ մասնակցիլ Ժընեւի մէջ Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցումը քննարկելիք Փութինի նախաձեռնութեամբ խորհրդաժողովին: Սակայն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ շուրջ խաղաղութեան որեւէ ծրագիր, որ Ասատի հեռացումի կոչ կ՛ուղղէ` գործադրելի չէ: Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ «Մոսկուա լաւ կը հասկնայ, որ համաշխարհային յառաջիկայ համակարգի կազմութիւնը կախեալ է Սուրիոյ տագնապի լուծման ձեւէն»:

Բրիտանական աղբիւր մը բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթին կը յայտնէ, որ Փութին յայտնած է, թէ իրենք Ասատի իշխանութեան վրայ անժամկէտ մնալուն կառչած չեն:

Միւս կողմէ, ռուսական «Ինթերֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու ծովուժի տեղեկատուական ծառայութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու ծովուժի հիւլէական ուժանիւթով բանող «Այզընհաուըր» օդանաւակիրն ու անոր ընկերակցող մարտանաւերը երէկ դուրս եկած են «Նորֆոլք» ռազմակայանէն եւ սկսած են ուղղուիլ դէպի Միջին Արեւելք, ուր պիտի մնան 6 օր, ապա պիտի ուղղուին Արաբական ծոց:

 

Leave a Reply

Advertisement