Thursday May 16, 2013

Ըստ Մակ-ի Մէկ Զեկուցումին Անցեալ Տարի Աշխարհի Տարածքին Պատերազմներու Պատճառով 800 Հազար Մարդ Գաղթական Դարձած Է

By adminx - Fri Jun 22, 7:17 am

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գործակալութեան հրապարակած վերջին զեկուցումը կը փաստէ, որ անցեալ տարուան ընթացքին Լիպիոյ, Սուտանի, Սոմալիի եւ աշխարհի այլ երկիրներու մէջ ծաւալած տագնապներուն պատճառով 800 հազար մարդ ստիպուած եղած է գաղթական դառնալ:

ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով յանձնակատար Անթոնիօ Կութերես այս առիթով նշած է, որ վերջին 11 տարուան ընթացքին ասիկա ամէնէն բարձր ցուցանիշն է` աւելցնելով, որ ատոր կը գերազանցէ միայն 2000-ին 822 հազար գաղթականներու ցուցանիշը:

Փաստաթուղթը նաեւ կը վկայէ, որ ի տարբերութիւն իրենց երկիրներու սահմանները հատած գաղթականներուն, հիմնականին մէջ բնական աղէտներու եւ բռնութիւններու պատճառով իրենց տուները լքած ներքին գաղթականներու թիւը անհամեմատ աւելի մեծ եղած է 2011-ին` 4.3 միլիոն մարդ ամբողջ աշխարհի վրայ:

Սակայն, ընդհանուր առմամբ, թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին գաղթականներու թիւը 2010-ի 43.7 միլիոնի համեմատ նուազած է` հասնելով 42.5 միլիոնի: Մասնագէտները այս երեւոյթը կը բացատրեն այն հանգամանքով, որ ամբողջ աշխարհի վրայ 3.2 միլիոն մարդիկ, որոնք ստիպուած եղած են լքել իրենց տուները, սակայն մնացած են իրենց երկրին մէջ, որոշ ժամանակ ետք կարելիութիւն ունեցած են դարձեալ իրենց տուները վերադառնալ:

Զեկուցումի վերջաւորութեան կը նշուի, որ Աֆղանիստանը աշխարհի վրայ գաղթականներ «մատակարարող» մեծագոյն երկիրն է, անոր կը յաջորդեն Իրաքը, Սոմալին, Սուտանը եւ Քոնկոն:

 

Leave a Reply

Advertisement