Monday May 20, 2013

Հայաստանի Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Ներկայացուց Կառավարութեան Ծրագիրը. ՀՅԴ-ի Պատգամաւորները Խիստ Քննադատութեան Ենթարկեցին Ծրագիրը

By adminx - Thu Jun 21, 7:58 am

Հայաստանի վարչապետ, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինի անդամ Տիգրան Սարգսեան երէկ Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրը: Տիգրան Սարգսեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ պէտք է ստեղծուի այնպիսի Հայաստան, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացի ինքզինք երջանիկ պիտի զգայ:

«Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է հնարաւորութիւն ունենայ կերտելու իր երջանկութիւնն իր հայրենիքում: Կառավարութիւնը պարտաւոր է իր քաղաքացիների համար ստեղծել կայացման եւ ինքնադրսեւորման լայն հնարաւորութիւններ: Արտագաղթի կանխարգելման լաւագոյն միջոցն աշխատատեղերի, կենսագործունէութեան բարենպաստ միջավայրի եւ արդարութեան ապահովումն է», նշեց վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:

Անդրադառնալով տնտեսութեան զարգացման` Տիգրան Սարգսեան ըսաւ, որ փոքր եւ միջին գործարարութեան համար պիտի ստեղծուի հարկային պարզեցուած դրութիւն, ինչպէս նաեւ պիտի կատարուին հետեւողական քայլեր` մենաշնորհային դիրքը վերացնելու համար:

«Արմատական փոփոխութիւնը, որն առաջարկում ենք տնտեսական քաղաքականութեան մէջ այն է, որ այսուհետեւ պետութիւնը պատասխանատու է լինելու ոչ միայն բարենպաստ գործարարական միջավայրի համար, այլեւ ուղղակիօրէն մասնակցելու է ճիւղային արդիւնաբերական քաղաքականութեան իրականացմանը: Մասնաւոր հատուածի հետ համատեղ կը ձեւաւորուի երկխօսութեան միասնական հարթակ: Դրա միջոցով առաւել հեռանկարային իւրաքանչիւր ճիւղի համար կը ստեղծուի առանձնայատուկ գործիքակազմ, եւ կը սահմանուեն փոխադարձ պարտաւորութիւններ», ըսաւ Տիգրան Սարգսեան:

Կրթութեան ոլորտին անդրադառնալով` վարչապետը նշեց, որ կամաց-կամաց պիտի հասնինք այն քայլին, որ վերանան ընդունելութեան քննութիւնները. «Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն ընդունուելը կը լինի հեշտ, աւարտելը կը լինի դժուար», նկատեց Տիգրան Սարգսեան:

Աւարտելով իր խօսքը` Հայաստանի վարչապետը նշեց, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւնները ցոյց տուած են, որ այս ծրագիրը հասարակութեան կողմէ եղած է պահանջուած:

Այնուհետեւ կանոնակարգ օրէնքին համաձայն, իրենք զիրենք ընդդիմութիւն նկատող խմբակցութիւնները յայտարարեցին իրենց ընդդիմադիր ըլլալուն մասին: ՀՅԴ-ի ընդդիմադիր ըլլալուն մասին յայտարարեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, Հայ ազգային քոնկրեսէն` Ազգային ժողովի Հայ ազգային քոնկրեսի խմբակցութեան քարտուղար Արամ Մանուկեան, իսկ Ժառանգութենէն` խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեան:

Ուշագրաւ է, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը չյայտարարեց, որ ինք ընդդիմադիր է: Աւելի ուշ յայտնի եղաւ, որ այս կուսակցութիւնը ինքզինք այլընտրանք կը կոչէ:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորները խիստ քննադատութեան ենթարկեցին կառավարութեան ծրագիրը: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Վահան Յովհաննիսեանի կարծիքով այն, որ կառավարութեան անդամները արհեստավարժներ են եւ պակաս հայրենասէր չեն, ոչ ոք կը կասկածի, սակայն անկեղծ չեն: Ոչ մէկ ծրագիր կրնայ իրականացուիլ, քանի որ երկրի կառավարման մեքանիզմը ապականած է:

«Իրականութեան մէջ կառավարութիւնը պատասխանատուն չէ ընկերային վիճակին համար. կառավարութիւնը պարզապէս վարագոյր կը ծառայէ այլ ուժերու համար, ինչ որ մարզային մակարդակի ցեղախումբերու առաջնորդներու, տնտեսական մակարդակով յանցաւոր խումբերու համար, որոնց ներկայացուցիչները կան նաեւ Ազգային ժողովին մէջ», ըսաւ Վահան Յովհաննիսեան:

ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Աղուան Վարդան ելոյթ ունենալով կառավարութեան ծրագիրին մասին մասնաւորաբար նշեց.

«Մէկ բառով` այն, թող կոպիտ չհնչի, պիղատոսեան է` ձեռքերը լուանալու քաղաքականութիւն: Բացատրեմ. սա նոյն խումբի ծրագիրն է, որ չորս տարի առաջ, նախորդ շրջանի դրական փորձի հիման վրայ, ներկայացել էր համարձակ, յաւակնոտ, շօշափելի արդիւնքներ նախանշող, հիմնարար փոփոխութիւններ խոստացող փաստաթուղթ:

Այս ծրագիրն աւելի շուտ նախորդի ծաղրանկարն է: Զգուշաւոր, պատասխանատուութիւնից խուսափող, նուազագոյն յստակ ցուցանիշներ առաջադրող: Եւ նոյնիսկ դրանք հասանելի կը լինեն, եթէ արտաքին շատ իրական վտանգները չխանգարեն, որ խոհեմաբար դրուած են ծրագրի վերջում:

Այնպիսի տպաւորութիւն է, կարծես, այս խումբը չորս տարի չի ղեկավարել գործադիր իշխանութիւնը եւ չգիտի ինչը ինչից յետոյ ու առաջ է: Մինչդեռ ղեկավարել է եւ ղեկավարել է` այդ իշխանութիւնը հետեւողականօրէն, քայլ առ քայլ կենտրոնացնելով, նախարարների ու նախարարութիւնների ինքնուրոյնութիւնը սահմանափակելով:

Այս ծրագիրը բառապաշարով, ժամանակակից, գեղեցիկ ձեւակերպումներով առնուազն 70 տոկոս կրկնում է նախորդը, սակայն չափից աւելի անորոշ ու անհամարձակ է յստակ արդիւնքներ, յստակ պատասխանատուութիւն ստանձնելու առումով: Կարճ` ձեռքերը լուացողի մօտեցում է: Միայն պարզ չէ` վեց-եօթ ամի՞ս է տեւելու այդ արարողութիւնը, թէ՞ հինգ տարի»:

Կառավարութիւնը իր ծրագիրին գերակայութիւններու շարքին նշած է, որ մարդը եւ բնութիւնը պէտք է ներդաշնակ ապրին: ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան հետաքրքրուեցաւ, թէ ինչպէ՞ս պիտի լուծեն դարերով չլուծուած խնդիրը:

«Այդքան լաւատես չեմ, որ դուք հինգ տարուան մէջ մարդը եւ բնութիւնը պիտի ներդաշնակեցնէք: Իսկ եթէ այդ մէկը պիտի չկարենաք ընել, որ դժբախտաբար կանխատեսելի է, ինչո՞ւ ներառած էք այս ձեւակերպումը ձեր ծրագիրին մէջ», հարց տուաւ Ռուստամեան

 

 

1 Comment

Comments -49 - 0 of 1First« PrevNext »Last
  1. Ays ishkhanoutyune bidi bidi u bidi………………….

Comments -49 - 0 of 1First« PrevNext »Last

Leave a Reply

Advertisement