Thursday Jun 20, 2013

ԵԱՀԿ-ի Դիտարկումին Ընթացքին Զինադադարի Դրութիւնը Չէ Խախտած

By adminx - Thu Jun 21, 7:55 am

Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութեան, երէկ ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծի ծրագրաւորուած դիտարկում կայացուց Հորատիզ բնակավայրի մերձակայքին:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի դիրքերէն դիտարկման խումբին մէջ եղած են ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Խրիսթօ Խրիսթով (Պուլկարիա) եւ Անթալ Հերտիչ (Հունգարիա): Շփման գիծի հակառակ կողմէն դիտարկում կատարած են ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Իրժի Ապերլէ (Չեխիա) եւ Ուիլիըմ Փրայոր(Մեծն Բրիտանիա):

Դիտարկումը տեղի ունեցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին: Դիտարկման ընթացքին զինադադարի դրութեան խախտումներ չեն արձանագրուած: Դիտարկման առաքելութեան ղարաբաղեան կողմին ուղեկցած են Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները:

 

Leave a Reply

Advertisement