Ստեփանակերտի Օդակայանը Երեք Օրէն Պատրաստ Կ՛ըլլայ Շահագործման
By adminx - Thu Jun 21, 7:54 am
- 0 Comments
- 112 views
- Tweet
Email
Print
Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիական օդանաւորդութեան պետ Տմիթրի Ադբաշեան երէկ յայտարարեց, որ երեք օրէն Ստեփանակերտի օդակայանը շահագործման իրաւունք պիտի ստանայ:
Ըստ անոր, օդակայանին մէջ իւրաքանչիւրը պէտք է աշխատի արտօնագրուած աշխատատեղիի մէջ, արտօնագրուած սարքաւորումներով, այդ պատճառով տակաւին կը շարունակուին աշխատանքները: Ներկայիս այդ աշխատանքներով կը զբաղի Հայաստանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան վարչութեան պատուիրակութիւնը` վարչութեան պետ Արտեմ Մովսիսեանի գլխաւորութեամբ, կը ստուգուին բոլոր ծառայութիւնները եւ քննարկում տեղի կ՛ունենայ իւրաքանչիւր մասնագէտի հետ:
«Երբ ամբողջ աշխատանքը աւարտի, օդակայանը հաւաստագրուած պիտի նկատուի», նշեց Ադբաշեան:
- 0 Comments
- 112 views
- Tweet
Email
Print




