Sunday May 26, 2013

Զօր. Աուն Ընդունեց Ֆլեչըրը

By adminx - Thu Jun 21, 7:38 am

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի ելեկտրական հոսանքի մատակարարման համակարգը վերանորոգել` աւելցնելով, որ այդ նպատակին հասնելու համար լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պէտք է միասնաբար գործեն:

Ֆլեչըր նշեց նաեւ, որ զօր. Աունի հետ քննարկած է շրջանային եւ միջազգային զարգացումները` աւելցնելով, որ ամէն ճիգ ի գործ պէտք է դրուի` Սուրիոյ տագնապը Լիբանան չփոխանցելու համար:

Բրիտանացի դեսպանը հաստատեց, որ Լոնտոն ճիգ չի խնայեր շրջանին մէջ պատերազմի մը հաւանականութիւնը կանխարգիլելու համար:

Ֆլեչըր բարձր գնահատեց նաեւ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին վերսկսումը:

 

Leave a Reply

Advertisement