Friday May 24, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Thu Jun 21, 7:27 am

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան ընդգծեց ազգային չափաւոր կեցուածքներ որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը:

ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ յայտնեց, որ բժշկական իր պարտաւորութեան մէջ թերանալու ամբաստանութեամբ ձերբակալուած բժիշկ Մուսա Ապու Համատ ազատ արձակուած է` վճարելով 50 միլիոն լ. ոսկի:

ՄԱԿ-Ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն շեշտեց, որ Լիբանան տակաւին կը դիմագրաւէ շարք մը լուրջ մարտահրաւէրներ, որոնք կը սպառնան անոր ապահովական կայունութեան:

ՄԱՐԱՏԱ  հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 500 լ. ոսկիով, իսկ կանաչ մազութինը` 600 լ. ոսկիով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ Ապպաս Հաշեմ կոչ ուղղեց պաղեստինեան քաղաքական ուժերուն` հսկելու պաղեստինեան գաղթակայաններուն ապահովութեան:

ՆԱՔՈՒՐԱ-Սուր ճամբան հրկիզուող անիւներով երէկ փակուեցաւ` իբրեւ բողոք ելեկտրական հոսանքի ընդհատումին դէմ:

ՎԵՐՏԱՆԻ «Աուտէ» դրամատան մէջ գող մը բացայայտուած է եւ յանձնուած ներքին ապահովութեան ուժերուն:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը մահափորձի ենթարկած նոյն կողմերն են, որոնք փորձած են սպաննել նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ կոչ ուղղեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին, որ անգամուան մը համար իբրեւ վարչապետ վարուի: Ան հաստատեց, որ վարչապետին դերակատարութիւնը այս կամ այն ազատ արձակուողին երաշխաւորագինը վճարելուն մէջ չի կայանար: Ասուատ շեշտեց, որ Միքաթի պէտք է բոլորին երաշխաւորագինները վճարէ, որովհետեւ բոլոր լիբանանցիներն ալ կարիքաւորներ են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին դէմ չպայքարելու, այլ` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան զինուորական կցորդ Փոլ Ռոսը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ զինեալ խմբաւորումի մը` «Շուհատա Աքսա» փաղանգի ղեկավար Մունիր Մաքտահ շեշտեց, որ կան որոշ ուղղուածութիւններ, որոնց համաձայն, Սուրիոյ մէջ պատահած իրադարձութիւնները պիտի փոխադրուին Լիբանան եւ ապա պաղեստինեան գաղթակայաններ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ արձանագրուած զարգացումները կը միտին սպառել լիբանանեան բանակը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերը ծրագրուած են սուրիական վարչակարգին կողմէ:

ԱՅՍՊԷՍ կոչուած հարաւային Լիբանանի բանակի հրամանատար Անթուան Լահտ շեշտեց, որ իսրայէլեան ուժերը չեն կրնար տապալել Հըզպալլան: Ան աւելցուց, որ Իսրայէլի կողմէ Հըզպալլայի դէմ առնուելիք զինուորական որեւէ քայլ կրնայ ձախողութեան մատնուիլ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆօ յայտնեց, որ Հըզպալլայի զէնքին հարցը լուծելու պատասխանատուութիւնը զուտ լիբանանեան պարտաւորութիւն է` աւելցնելով, որ իր կարծիքով լիբանանցիները իրենց պետականութեան շրջագիծին մէջ կրնան լուծել այդ հարցը:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ Թրիփոլիի բարգաւաճման նպատակով յատկացուած 100 միլիոն տոլարը մօտիկ ապագային պիտի ծախսուի` շէնցնելու համար հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաքը:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը յանձնառու է Հըզպալլայի հետ իր ստորագրած փոխըմբռնումի համաձայնագիրին գործադրութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իսլամական ժիհատի ներկայացուցիչ Ապու Իմատ Ռիֆայի յայտնեց, որ յստակ տուեալներ կան, թէ որոշ կողմեր կը միտին պաղեստինեան Նահր Պարետ գաղթակայանին մէջ նոր պատերազմ մը բռնկեցնել:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Լիբանանի ապահովական կացութենէն միակ օգտուողը Միացեալ Նահանգներն են:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, հարաւային Լիբանանի մէջ գործող բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը կապուած է պաղեստինցի գաղթականներուն հետ եւ հանդարտեցուցած տիրող կացութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա  քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ Հըզպալլայի զէնքը շրջանային պարտաւորութիւն ունի ամբողջացնելիք:

 

 

Leave a Reply

Advertisement