Wednesday May 22, 2013

Դպրեվանքի Ամավերջի Հանդիսութեան Առիթով. «Անթիլիասի Դպրեվանքը Վերանորոգ Հաւատքով Ու Տեսիլքով Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս. Վեհափառը «Կիլիկեան Իշխան»-ի Շքանշանով Կը Պարգեւատրէ Տէր Եւ Տիկին Ալեքքօ Եւ Անի Պեզիկեան Ամոլը

By adminx - Thu Jun 21, 7:17 am

Երէկ` չորեքշաբթի, 20 յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 82-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանի փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի դպրեվանքի շրջափակին մէջ` բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Դպրեվանքի տեսչութեան կողմէ պատրաստուած յատուկ յայտագիրի մը հիման վրայ կատարուեցաւ Աւետարանէն եւ «Նարեկ» աղօթամատեանէն ընթերցում` ընծայարանական սարկաւագներու կողմէ: Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ապա երգախառն կատարումով, դպրեվանքի երգչախումբը ներկայացուց զանազան քերթուածներէ կատարուած համադրում` ղեկավարութեամբ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի:

Յանուն շրջանաւարտներուն շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նորընծայ Տաճատ աբղյ. Աշըգեան` երախտագիտութիւն յայտնելով վեհափառին, տեսչութեան եւ ուսուցչակազմին, որոնք անցնող ութ տարիներուն դերակատար եղան իրենց հոգեմտաւոր կազմաւորման մէջ:

Տեսչական տեղեկագիրով, որ կը բաղկանար վեց բաժիններէ` ա. տեղեկատուութիւն, բ. ինքնութիւն, գ. կազմաւորում, դ. առաքելութիւն, ե. ծրագիրներ, զ. հունձք, Նարեկ արք. Ալեէմեզեան անդրադարձաւ անցնող տարեշրջանին կատարուած ուսումնական-կրթական աշխատանքին` յատկապէս յիշելով տեսչական եւ ուսուցչական կազմերուն գործունէութիւնը, ուսանողութեան եկեղեցական, կրթական եւ ընկերային առօրեան եւ ի վերջոյ այս տարուան հունձքը, որ վեց նորընծայ աբեղաներով կու գայ զօրացնել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան շարքերը: Տեսուչ սրբազանը շնորհակալութեան իր խօսքը ուղղեց նաեւ դպրեվանքին նիւթապէս զօրավիգ կանգնած բոլոր բարերարներուն եւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք կը սիրեն դպրեվանքը եւ կը գուրգուրան անոր: Վերջապէս, սրբազանը ըսաւ, որ դպրեվանքի նախկին շրջանաւարտ սաներուն հետ կապը աւելի հետեւողական դարձնելու եւ զանոնք աւելի ամրօրէն հայ եկեղեցւոյ կապելու համար, դպրեվանքի տեսչութիւնը մտադիր է կազմակերպել նախկին դպրեվանեցիներու հաւաք մը եւ հիմնել դպրեվանեցիներու միութիւն մը: Ապա, տեսուչ սրբազանը հրաւիրեց վեհափառը` բաշխելու վկայականները եւ տալու իր հայրապետական պատգամը:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամին մէջ նախ անդրադարձաւ դպրեվանքի առաքելութեան եւ ըսաւ. «Արդարօրէն դպրեվանքը սիրտը կը կազմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Անոր հոգեւոր առաքելութեան ու ազգային ծառայութեան արիւն ջամբողը դպրեվանքն է: Դպրեվանքը սոսկ շրջանաւարտ հասցնելու միտումով չի գործեր: Ան հոգեմտաւոր կազմաւորումի ճամբով կը պատրաստէ հաւատք ու տեսիլք ունեցող, նուիրում ու յանձնառութիւն ունեցող առաքեալներ` մեր եկեղեցին դէպի ժողովուրդ տանող, մեր հոգեմտաւոր արժէքները մեր ժողովուրդին բացող, մեր ազգային պահանջատիրութեան ջահը վառ պահող: Այս է դպրեվանքը իր ոգիով ու առաքելութեամբ: Եւ այսօր դպրեվանքը վերանորոգ հաւատքով ու տեսիլքով կը շարունակէ իր համազգային առաքելութիւնը»:

Ապա վեհափառը յիշեցուց, թէ «դպրեվանքին օժանդակել, դպրեվանքին աջակից դառնալ կը նշանակէ մասնակից դառնալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան»: Վեհափառը յայտնեց, որ այդ առաքելութեան մասնակից կը դառնան անձեր ու հաստատութիւններ սփիւռքի զանազան գաղութներէն: Ապա վեհափառը յատուկ կերպով յիշեց տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պեզիկեան ամոլը` ըսելով. «Ահա ընտանիք մը, որ տարիներէ ի վեր աջակից ու զօրակից է մեր Սուրբ աթոռին առաքելութեան: Անցնող տարիներուն տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պեզիկեան զանազան առիթներով օգտակար հանդիսացան մեր Սուրբ աթոռին, դպրեվանքին, հայ դպրոցին եւ մեր կեանքին մէջ գործող այլ կառոյցներուն: Անոնք 1.200.000 տոլարով հիմնեցին դպրեվանքի հիմնադրամ եւ նոյն ոգիով կը շարունակեն իրենց բարերարութիւնն ու ծառայութիւնը` յաճախ հեռու ամէն տեսակ լուսարձակներէ»:

Վեհափառը իր խօսքը ուղղելով վեց նորընծայ աբեղաներուն ըսաւ. «Աբեղայական ձեռնադրութեամբ դուք մաս կը կազմէք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան, այլ խօսքով` հոգեւոր մշակներու այն խումբին, որ կոչուած է ծառայելու մեր ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ: Դուք պիտի դառնաք տիպար օրինակներ ձեր կեանքով ու գործով: Վա՜յ այն մշակին, հոգեւոր թէ աշխարհական, որուն կեանքին մէջ բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքները չեն ճառագայթեր: Մեր Սուրբ աթոռը միշտ խստապահանջ եղած է ինքնիր նկատմամբ ու պիտի մնայ այդպէս: Մեր միաբանութիւնը մեր Աթոռին հաւատքին ու տեսիլքին հարազատ արտայայտիչը կոչուած է դառնալու մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ»:

Ապա կարդացուեցաւ վեհափառին հայրապետական սրբատառ կոնդակը` ուղղուած տԷր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պեզիկեանին, որմէ ետք վեհափառը զանոնք պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան իշխան»-ի շքանշանով:

Վեհափառի պատգամէն ու շքանշանի տուչութենէն ետք խօսք առնելով Ալեքքօ Պեզիկեան կարեւորութեամբ շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութիւնն ու այդ առաքելութեան ոգի ու տեսիլք տուող դպրեվանքը եւ խոստացաւ շարունակել իր զօրակցութիւնը:

Ան հաստատեց, որ դպրեվանքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին յատուկ եւ անջնջելի տեղ ունին իրենց ընտանիքի պատմութեան մէջ եւ աւարտեց իր խօսքը շեշտելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը անսասան պիտի շարունակէ իր դարաւոր առաքելութիւնը:

Յայտնենք, որ դպրեվանքի ամավերջի հանդէսէն առաջ, վեհափառին ձեռամբ տեղի ունեցաւ միաբանական նոր շէնքի հիմնօրհնէքը:

Leave a Reply

Advertisement