Հոգեւոր Երգահանդէս` Գ. Հարպոյեան Վարժարանի
By adminx - Thu Jun 21, 7:15 am
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print
Չորեքշաբթի, 20 յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հայկական շարականներու եւ հոգեւոր երգերու երկրպագուները եկած էին Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահ` իրենց հոգեկան եւ երաժշտական ծարաւը յագեցնելու:
Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը, իր հիմնադրութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ, նախաձեռնեց այս հոգեւոր երգահանդէսին, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան եղբայր Ղազար Պետրոսեան եւ Սոնիկ Փամպուքեան, որոնք օրհներգներ բարձրացուցին առ Աստուած` փառաբանելով Զինք:
Ձեռնարկը կը վայելէր նախագահութիւնը եւ ներկայութիւնը արհի. հ. Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի (պատրիարքական փոխանորդ Զմմառեան միաբանութեան), ներկայ էին կղերական հայրեր եւ երաժշտասէր խաւ մը:
Բացման խօսքով Լիւսի Տէօքմեճեան նշեց, որ «քառորդ դարեայ իր երթին ընթացքին, հայ քրիստոնէական հաւատամքին կառչած մնացած Հարպոյեան վարժարանը, որ կը հաւատայ, թէ հայ դպրոցը աւելի զօրաւոր եւ հաստատուն է հայ եկեղեցիով, այսօր մեզի կ’ընծայէ առիթ մը` հաղորդուելու Նարեկացիի, Շնորհալիի, Կոմիտասի եւ այլոց յօրինած շարականներու ոգիով»:
Երգեցողութիւնը սկսաւ Կոմիտաս վարդապետի «Տէր ողորմիա» շարականով, որուն յաջորդեցին «Ողջոյն քեզ»ը, «Ով զարմանալի»-ն եւ «Այսօր ձայնն հայրական»-ը, «Երկնային տաճար»-ը, «Աւէ Մարիա»-ն, «Խաչին մօտ»-ը, «Մինչ օրրանէս»-ը, «Քաղցր է իր անունը», «Ուրախ լեր»-ը, «Անթառամ ծաղիկ-»ը, «Զինչ տաս»-ը, «Շնորհակալութիւն»-ը, «Փառք տանք Աստուծոյ»-ն. անոնք նաեւ սաղմոսներով գովերգեցին Արարիչն ու Աստուածամայրը:
Աւարտին բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ ըսաւ, թէ «Հարպոյեան վարժարանը այսօր հանրութեան ներկայացաւ իր հոգեւոր դիմագիծով, որովհետեւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան հարազատ զաւակը եղող եւ անոր ուղեգիծով եւ սկզբունքներով գործող այս կրթօճախը, եղած է ու կը մնայ հայ աշակերտին մարդակերտման նուիրական դարբնոցը, որովհետեւ կը հաւատայ, ինչպէս բանաստեղծներու իշխան Վահան Թէքէեան կ’ըսէ, որ «եկեղեցին հայ հոգիին եւ մարմնոյն զրահահանդերձն է փայլուն»:
Հուսկ, գերապայծառ հայր Մուրատեան իր խօսքին մէջ Աստուծոյ օրնութիւնը հայցեց վարժարանի տնօրէնութեան, դասատուներուն եւ աշակերտներուն համար: Ան ըսաւ, թէ «վարժարանին ընտրած մարդակերտումի, հայակերտումի եւ յաջողութեան հասնելու բնաբանը շատ էական է, եւ ուսեալ ու յաջող անհատներ հասցնելու կողքին շատ կարեւոր է նաեւ իբրեւ քրիստոնեայ յաջող երիտասարդներ պատրաստելու հայ վարժարանին տարած աշխատանքը»:
Հոգեպարար շարականներով ներշնչուած ներկաները սրահէն մեկնեցան լիացած ու հոգեկան այլ աշխարհ մը փոխադրուած:
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Գ. ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print



