Sunday May 26, 2013

Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանին Կատարած Իրագործումը` Գերմանիոյ Մէջ

By adminx - Wed Jun 20, 6:05 am

Երէկ, Գերմանիայէն Պէյրութ վերադարձաւ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Քոնսթանց քաղաքին մէջ տեղի ունեցած համալսարաններու մրցաշարքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Եւրոպայէն եւ Ասիայէն 19 համալսարաններ:

Նշենք, որ անիկա լիբանանեան միակ համալսարանն էր, որ կը մասնակցէր մրցաշարքին:

Տղոց պասքեթպոլի մրցումին աւարտականին անոր կազմը տիրացաւ տիտղոսին` 67-62 արդիւնքով յաղթելէ ետք հիւրընկալ երկրին խումբին` Քոնսթանցի: Իսկ աղջկանց աւարտականին, լիբանանցիք դարձեալ տիրացան տիտղոսին, երբ 74-58 արդիւնքով յաղթեցին գերմանական Արլակըն խումբին:

Տղոց պիչ-վոլիպոլի մրցաշարքին, Ս. Հոգի համալսարանին կազմը հասաւ կիսաւարտական, իսկ մինի-ֆութպոլին` քառորդ աւարտական:

Ընդհանուր դասաւորման մէջ լիբանանեան համալսարանը գրաւեց երկրորդ դիրքը` հիւրընկալ համալսարանին ետին, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ ութ տեսակի մարզաձեւերու:

Նշենք, որ Քասլիքի Ս. հոգի համալսարանին պասքեթպոլի աղջկանց խումբին մաս կը կազմէ Լարա Արաբկիրլեան:

 

 

Leave a Reply

Advertisement