Wednesday Jun 19, 2013

Ակնարկ. Լոս Քապոսի Անհասցէ Մեղադրանքները

By adminx - Wed Jun 20, 7:57 am

Համանախագահող երկիրներու ղեկավարներու յայտարարութիւնը իր վրայ  կը հրաւիրէ  քանի մը կարեւոր դիտարկում.

Ա.- Հակամարտութեան լուծման համար հերթական անգամ կը հաստատուի միջնորդական առաքելութեան ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափը, ինչ որ կը չէզոքացնէ Ազրպէյճանի ճիգերը` հարցը այլ հարթութիւն տեղափոխելու:

Բ.- Կը վերահաստատուին երեք հաւասարազօր սկզբունքները, ընդ որում` ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը: Այստեղ նախագահ Օպամայի կողմէ համաձայնեցուած սկզբունքը փաստօրէն կը հակասէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մասին վերջին զեկուցումին, ուր կը բացակայի ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը:

Գ.- Արտաքին գործոց նախարար Քլինթընի յայտարարած «Նոր մօտեցումներ»-ը, որոնք  պիտի քննարկուէին փարիզեան հանդիպումներուն, չեն երեւիր համանախագահող երկիրներու յայտարարութեան մէջ:

Դ.- Յայտարարութեան մէջ թէեւ առկայ է պատասխանատուութեան հաւասարեցման մօտեցումը, այսուհանդերձ երբ կը խօսուի ռազմատենչ հռետորաբանութեան, ուժի կիրառումին մասին առանց մատնացոյց ընելու մեղադրուողը, պարզ կը դառնայ, թէ ո՞վ է բանակցային գործընթացը խոչընդոտողը. կամ` վճռական քայլեր չառնելու հիմնական պատճառի բուն հասցէն:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդական ձեւաչափը մնայունօրէն ողջունողը հայկական կողմն է: Պաշտօնական Երեւանն է դարձեալ, որ հետեւողականօրէն կը խօսի ուժի կիրարկման բացառումին մասին. նոյն կողմն է տակաւին, որ կը քննադատէ ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը: Պարզ է, որ պաշտօնական Երեւանը որդեգրած է միջազգային ընտանիքի օգտագործած քաղաքական բառապաշարին համահունչ յայտարարողական քաղաքականութիւն:  Այս բոլորով հանդերձ միջազգային ընտանիքը եւ գերտէրութիւններու ներկայացուցիչները կը նախընտրեն իրավիճակի պատասխանատուութեան հաւասար բաշխումի գէթ ոճային մօտեցումը: Պարզ է, որ տողատակի պատգամ փոխանցելու ձեւով ո՛ր ուղղութեամբ կ՛ուղղուին մեղադրանքները:

Լոս Քապոսի յայտարարութենէն առաջ Փարիզի հանդիպման մասին հրապարակուած լրատուութեան մէջ եւս կար մէկ կարեւոր կէտ, որ կը խօսէր պատմամշակութային արժէքներու պահպանութեան մասին: Ի վերջոյ պարզ է, որ խօսքը ինչ պատմամշակութային արժէքներու մասին է, որոնք չեն պահպանուիր գրաւող ուժին կողմէ: Եթէ այս մէկն ալ աւելցնենք հրադադարի խախտումներուն, ուժի կիրարկումին, ռազմատենչ հռետորաբանութեան եւ ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափէն փախուստի փորձերուն վրայ, աւելի յստակ կը դառնայ մեղադրուող կողմը: Թէեւ առանց ուղղակի մատնանշումի: Զուգահեռային ուրուագիծ մը արագ կը պատկերուի հայ-թուրք յարաբերութիւններուն նկատմամբ Ուաշինկթընի կատարած յայտարարութեամբ` յարաբերութիւններու բնականոնացումը կ՛առաջադրուի առանց նախապայմաններու: Այստեղ եւս հայկական կողմին եւ միջազգային ընտանիքի մէկ կարեւոր ներկայացուցիչին որդեգրած մօտեցումները նոյնն են: Մեղադրուող կողմը` նոյնպէս յայտնի: Բայց…:

Մարտավարութիւնը, որ կ՛օգտագործէ հայկական կողմը Պաքուի կեցուածքը հակադրելն է միջազգային ընտանիքի օրինաչափութիւններուն եւ որդեգրած սկզբունքներուն: Նոյնքան պարզ է սակայն, որ այս մարտավարութիւնը, հակառակ բոլոր իրողութիւններուն, մշտադիտարկումներուն եւ  անուղղակի մատնանշումներուն իրաւաքաղաքական արդիւնքի չի հասնիր:

Միջազգային ընտանիքի սկզբունքներուն համահունչ յայտարարութիւն կատարելը բաւարար չէ: Միջազգային ատեաններուն մօտ թիրախաւորուած եւ հետեւողական աշխատանքային մարտահրաւէրին առջեւ է հայկական դիւանագիտութիւնը: Երեւան – Պաքու մրցապայքարին մէջ շատ առաւելներ արձանագրելու անմիջական անհրաժեշտութեան առջեւ կանգնած է պաշտօնական Երեւանը:

«Ա.»

Leave a Reply

Advertisement