Thursday May 23, 2013

Ղոսըն. «Բանակին Դիրքերուն Դէմ Գործուող Յարձակումները Վտանգաւոր Են Եւ Պաղեստինցիներուն Շահերուն Չեն Ծառայեր»

By adminx - Wed Jun 20, 7:39 am

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն յայտնեց, որ Նահր Պարետ եւ Այն Հելուէ գաղթակայաններուն մէջ արձանագրուած ապահովական իրադարձութիւնները փորձեր են` քաղաքական այնպիսի ուժերուն կողմէ, որոնք կ՛ուզեն օգտուիլ երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապէն եւ խախտել ապահովութիւնը, յատկապէս` պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ տիրող ապահովական կայունութիւնը:

Ղոսըն յայտնեց, որ նախանցեալ օր տեղի ունեցած ապահովական խախտումները մղած են, որ բանակը հանդիպումներ ունենայ պաղեստինեան խմբաւորումներուն հետ եւ խորհրդակցութիւններ կատարէ ու համաձայնութիւններ գոյացնէ, դիւրացնելու համար պաղեստինցի գաղթականներուն կեանքի եւ մարդասիրական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ պահպանէ երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Ղոսըն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին կեդրոններէն մէկուն դէմ յարձակումը վտանգաւոր արարք է եւ պաղեստինցի գաղթականներուն շահերուն չի ծառայեր: «Լիբանանեան բանակին դէմ յարձակումը համազօր է լիբանանցիներուն դէմ գործուած յարձակումին, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ բանակը կը վայելէ լիբանանեան պետութեան կողմէ տրամադրուած անձեռնմխելիութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային համախոհութիւնը եւ իր դերակատարութեան նկատմամբ զօրակցութիւնը:

Իր կարգին, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի յայտնեց, որ ոմանք կը փորձեն Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները շրջուն դարձնել եւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին ապահովական կայունութիւնը հարուածելու փորձեր կատարել:

Զօր. Քահուաժի կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու:

«Լիբանանեան բանակը տակաւին յանձնառու է որոշ սահմաններ պահելու գետնի վրայ պատահող ապահովական միջադէպերուն հետ իր վարուելակերպին մէջ», ըսաւ զօր. Քահուաժի:

Բանակի հրամանատարը հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովութեան պահպանումը ազգային պատասխանատուութիւն է` աւելցնելով, որ բանակը երկաթեայ բազուկով պիտի հարուածէ բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն խանգարել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ կը խանգարեն լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը:

«Լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւնները, քաղաքացիներն ու բանակը պէտք է կազմ ու պատրաստ ըլլան` մնայուն կերպով պաշտպանելու երկրին ապահովական կայունութիւնը», ըսաւ զօր. Քահուաժի:

 

 

Leave a Reply

Advertisement