Thursday May 23, 2013

Տաւութօղլու Եւ Քլինթըն Քննարկած Են Կովկասի Իրավիճակը

By adminx - Wed Jun 20, 7:30 am

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Մեքսիքայի մէջ ընթացող Քսաններու խմբակի վեհաժողովին ընթացքին ունեցած են հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկած են Կովկասի իրավիճակը: Անոնք նաեւ խօսած են Սուրիոյ տագնապին, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մասին:

Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Տաւութօղլու եւ Քլինթըն քննարկած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումին օրակարգը:

Leave a Reply

Advertisement