Մուպարաք` Մահացա՞ծ
By adminx - Wed Jun 20, 7:24 am
- 0 Comments
- 127 views
- Tweet
Email
Print
Այն բանէն ետք, երբ երէկ երեկոյեան Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաք ուղեղային իրերայաջորդ կաթուածներու ենթարկուեցաւ, բանտի հիւանդանոցէն փոխադրուեցաւ Գահիրէի հիւանդանոցներէն մէկը:
Եգիպտական պատկերասփիւռի կայանը հաստատեց, որ վերակենդանացման բոլոր փորձերը ապարդիւն դուրս կու գան: Իսրայէլի պատկերասփիւռի կայանի 10-րդ ալիքը նշեց, որ Մուպարաք արդէն իսկ կնքած է իր մահկանացուն: Աւելի ուշ «Շարք Աուսաթ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Մուպարաք մահաքունի անցած է` սիրտի զարկերուն կանգ առնելուն պայմաններուն մէջ:
Կէս գիշերէն ետք «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Մուպարաք չէ մահացած տակաւին, այլ մահաքունի մէջ է եւ կապուած է արուեստական շնչառութեան մեքենաներու: Մուպարաքի փաստաբաններէն մէկը հաստատեց, որ ան չէ մահացած եւ անոր մահուան մասին լուրերը տարաձայնութիւններ են:
- 0 Comments
- 127 views
- Tweet
Email
Print



